Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 17, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 5539 վարակուածներ եւ մահացած 16 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 23.900 լ. ոսկիի:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատէ Շամի յայտնեց, որ կառավարութեան մշակած բարեկարգումի ծրագիրը գրեթէ աւարտած է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ կը գործադրէ արտաքին օրակարգով ճշդուած կանխամտածուած ծրագիր մը: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ ունեցած է երկարատեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` երեսփոխանական ընտրութիւնները: Պասիլ նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնը փոխըմբռնումի եւ բախումի չգոյութեան իրավիճակի մէջ կը գտնուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերուն իրենց վերադարձը երկրին եւ ժողովուրդին շահերուն համար է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց կառավարութեան յաճախակի դարձնելու իր նիստերը` լուծելու համար քաղաքացիներուն հարցերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ հաւանական նկատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը չառաջադրէ: Հըպէյշ յայտնեց, որ այս տեղեկութիւնը գրեթէ հաստատուած է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահի ռուսական հարցերու խորհրդատու, նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ իրենք կը յուսան, որ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը արգելակուած վիճակի մէջ չի մնար, իսկ պետական ամավարկը ամէնէն մօտիկ ապագային կը վաւերացուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան ծրագիրի որդեգրումը կարեւոր է եւ երկրին համար հիմնադիր ազդակ է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մըրատ յայտնեց, որ իշխանութիւնն է միակ պատասխանատուն` երկրին պարզած ներկայ իրավիճակին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Աստուծոյ փառքը հասած է եւ փոխանցած յոյսի նշոյլ մը, թերեւս նաեւ ելեկտրականութիւն եւ բարեկարգումի սկիզբ»:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը արտերկրի մէջ իր ընտրամեքենային աշխատանքներուն մեկնարկը կատարեց` կոչ ուղղելով լիբանանեան օրակարգով զբաղելու ատակ նոր իշխանութիւն մը կազմաւորելու:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի նախկին խորհրդատու, քաղաքական վերլուծաբան Խալտուն Շերիֆ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի հրապարակած միացեալ հաղորդագրութիւնը արտաքին բարի կամեցողութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ նախապատրաստութիւն` դիմաւորելու ծովային սահմանագծումին նպատակով ընթացող անուղղակի բանակցութիւններուն ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայնը:

Նախորդը

Լիբանանահայ Աշակերտներ` Արցախցիներուն Կողքին

Յաջորդը

Քրէյտիէ Կը Սպառնայ Հրաժարիլ, Եթէ Ժողովուրդին Ծառայելու Կարելիութիւնները Անկարելի Դառնան

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.