Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամալ Շարժումը Եւ Հըզպալլան Կ՛որոշեն Վերադառնալ Կառավարութեան Նիստերուն. Երկիրը Մուտք Կը Գործէ Այլ Փուլ

Յունուար 17, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 15 յունուարի երեկոյեան հրապարակուեցաւ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի միացեալ հաղորդագրութիւնը, որ կը նշէ, թէ անոնք որոշած են վերադառնալ կառավարութեան նիստերուն` քննարկելու համար 2022-ի պետական ամավարկն ու տնտեսական ապաքինման ծրագիրը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Լիբանանը տնտեսական եւ ելեւմտական արտակարգ տագնապ մը կը դիմագրաւէ, որուն պատճառով լիբանանեան դրամանիշը արժեզրկուած է, լիբանանցիներուն պահ դրած գումարները դրամատուներուն կողմէ գրաւուած են, երկրին հիմնական ծառայութիւնները նահանջի մէջ են, յատկապէս` ելեկտրականութեան, առողջապահութեան եւ կրթութեան մարզերը, իսկ քաղաքական կացութիւնը բարդ է` տեղական եւ շրջանային առումով:

«Այս բոլորը իրենց վտանգաւոր հետեւանքները կ՛ունենան ապրուստի, ընկերային եւ ապահովական մակարդակներու վրայ:

Լիբանանցիներուն տագնապները լուծելու միակ եւ գլխաւոր միջոցը հզօր կառավարութեան մը գոյութիւնն է, որպէսզի իր կարողութիւններով եւ վայելած վստահութեամբ կարենայ լուծումներ տրամադրել հարցերուն: Մենք մեծ զոհողութիւններ տրամադրեցինք` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ընթացքին, սակայն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին պատասխանատու դատաւորին որդեգրած հակասահմանադրական քայլերուն, իրաւական գայթակղեցուցիչ շեղումներուն,  կողմնակալութեան ու արդարութեան չգոյութեան պատճառով, որոշեցինք կառավարութեան նիստերուն մեր ներկայութիւնը պոյքոթի ենթարկել` իբրեւ քաղաքական եւ սահմանադրական կեցուածք:

Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան պիտի շարունակեն դատական հոլովոյթը ուղղել` արդարութիւն հաստատելու նպատակով, եւ այս իմաստով կը հաստատեն, որ կը մերժեն կողմնակալութիւնը եւ գործադիր իշխանութենէն կը պահանջեն սրբագրել դատական ուղին:

Նկատի ունենալով երկրին տնտեսական ահաւոր տագնապը, որոշեցինք ընդառաջել քաղաքացիներու կարիքներուն, եւ որպէսզի վերջ տանք մեզի դէմ ուղղուած` քաղաքական կեանքը արգելակելու ամբաստանութեան, որոշեցինք վերադառնալ կառավարութեան նիստերուն, որոնք յատկացուած պիտի ըլլան պետական ամավարկի վաւերացման եւ տնտեսական ապաքինման ծրագիրին քննարկումին: Պատրաստ ենք աշխատելու` կատարելու համար ամէն ինչ, որ կը բարելաւէ լիբանանցիներուն ապրուստը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ վարչապետը կ՛ողջունէ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի հրապարակած միացեալ հաղորդագրութիւնը, որ կը վերաբերի կառավարութեան նիստերուն անոնց վերադարձին:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այդ կեցուածքը ընդառաջումը կը նկատուի վարչապետ Միքաթիի կողմէ բազմիցս ուղղուած կոչերուն` մասնակցելու երկրին պատասխանատուութիւններու ստանձնումին, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած զգայուն պայմանները, ինչպէս նաեւ Ազգային ուխտին համահունչ գործելու կարեւորութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ վարչապետ Միքաթի կառավարութիւնը նիստի պիտի հրաւիրէ, երբ ան ելեւմուտքի նախարարութենէն կը ստանձնէ 2022-ի պետական ամավարկը:

«Վարչապետը բարձր կը գնահատէ բոլոր նախարարներուն ճիգերը, որոնք համապատասխան էին կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին եւ որոնք կեդրոնացան երկրին համար մշակելու ապաքինման ծրագիր մը, որուն հիման վրայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններ պիտի սկսին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի շաբաթ գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:

Վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` քննարկելու համար լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նկատի ունենալով այս զարգացումները, սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը երկու օրուան մէջ տասը հազար լիբանանեան ոսկիի նուազում մը արձանագրեց, այսնքն` 33.000 լ. ոսկիէն նուազեցաւ 23.000 լ. ոսկիի, սակայն այս բոլորը ոչինչ կը նշանակեն, այնքան ատեն որ լիբանանցիներուն գնելու կարողութիւնը կը մնայ սահմանափակ, իսկ վառելանիւթի, դեղորայքի եւ սննդեղէնի սղաճը կը մնայ տիրական:

Փաստօրէն լիբանանեան դրամանիշը կորսնցուցած է իր արժէքին 93 առ հարիւրը, եւ զայն վերականգնելու աշխատանքը, եթէ սկսի, պիտի ըլլայ դժուար ու երկարատեւ:

Հոս անհրաժեշտ է աւելցնել նաեւ, որ կան հաստատումներ, թէ 2022-ի պետական ամավարկի պատրաստութիւնը գրեթէ աւարտած է եւ անիկա պիտի քննարկուի կառավարութեան ու խորհրդարանին կողմէ, սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ անիկա պէտք է ըլլայ բարեկարգումի ամավարկ, որպէսզի անոր հիման վրայ նախարարաց խորհուրդը կարենայ բանակցութիւններու սկսիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ:

 

 

 

Նախորդը

Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Իսրայէլեան Կազը Լիբանան Հասցնելու Համաձայնագիր Ստորագրած Ըլլալու Մասին Լուրերը

Յաջորդը

Աւստրալիոյ Յունական Եւ Կիպրական Համայնքները Կառավարութեան Կոչ Ուղղած Են Ճանչնալու Օսմանեան Կայսրութեան Գործած Ցեղասպանութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?