Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ խստիւ դատապարտեց Ապու Տապիի վրայ կատարուած յարձակումը` զայն նկատելով անարգ ոճիր, որ մաս կը կազմէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի այլ երկիրներու վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակումներուն շարքին:
Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կամ Ծոցի երկիրներուն վրայ կատարուած որեւէ յարձակում բոլոր արաբներուն եւ իսլամներուն վրայ յարձակում կը նկատուի:
Հանրապետութեան միւֆթին հաստատեց, որ Տար Ֆաթուայի կեցուածքը հաստատ է եւ վճռական` ահաբեկչական գործողութիւններուն դէմ, որոնք դատապարտուած են, որովհետեւ թիրախ կը դարձնեն մեզի քոյր երկիրներ ու պետութիւններ, որոնք միշտ աջակցած են Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա խստիւ դատապարտեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն վրայ կատարուած յարձակումն ու բռնարարքները` հաստատելով, որ ահաբեկչական այս արարքը կը նպաստէ Իսրայէլի, ինչպէս նաեւ արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներու շահերուն:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր զօրակցութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն` իբրեւ ղեկավարութիւն, ժողովուրդ եւ հաստատութիւններ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կուսակցութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ապահովական կայունութիւնը ցնցելու արարքները:
«Ապու Տապիի վրայ կատարուած յարձակումը դատապարտելի է: Կոչ կ՛ուղղենք վերջ տալու նման յարձակումներուն կրկնութեան եւ չդպչելու Ծոցի երկիրներուն ապահովութեան», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:



