Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական զոյգ նիստերու, որոնցմէ առաջինին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ առեւտուրը աշխուժացնելու գործիքակազմի մը յառաջացումը, իսկ երկրորդին` յառաջիկայ ամսուան սկիզբը վարչապետ Միքաթիի Թուրքիա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ զոյգ նիստերէն ետք ներկայացուց նիստերուն նիւթերը` մաղթելով, որ անոնք ըլլան կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնելու սկիզբ մը:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ Իրաքի հետ առեւտուրը բարելաւելով Լիբանան կը միտի արաբական աշխարհին հետ իր հաշուեկշիռը բարելաւել:
Իր կարգին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի Թուրքիա կատարելիք այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ վրայով Թուրքիայէն ելեկտրականութիւն եւ նաւթ Լիբանան փոխադրելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի մարզին մէջ կատարուելիք ներդրումային կարգ մը ծրագիրներ:
Եգիպտոսէն կազ եւ Յորդանանէն ելեկտրականութիւն Լիբանան փոխադրելու համաձայնագիրին մասին Ֆայեատ յայտնեց, որ այդ համաձայնագիրը պատրաստ է, եւ կը նախատեսուի, որ այս շաբթուան կիսուն ստորագրուի:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հերքեց իր հասցէին կատարուած այն վերագրումները, թէ ինք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի նահատակներու ընտանիքներէն պահանջած է դատաւոր Թարեք Պիթարի դէմ բողոքներ ներկայացնել:
Գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ կառավարութեան հաստատ եւ անշեղ կեցուածքը կը մնայ այն, թէ նախարարաց խորհուրդը դատական իշխանութիւններու աշխատանքին միջամուխ չի դառնար, եւ կոչ կ՛ուղղէ արդարութիւն բանեցնելու ու ճշմարտութիւնը բացայայտելու:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը: