Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Առողջապահութեան Նախարարը

January 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատը, որուն հետ քննարկեց երկրին առողջապահական կացութիւնը, յատկապէս «Քորոնա» համաճարակին տարողութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Ապիատ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան կարողութիւնները սահմանափակ են համաճարակը դիմակալելու` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն բուժման եւ դեղորայքի կարիքը մեծ է:

Ապիատ յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ օժանդակելու քաղաքացիներուն` լուծելու համար անոնց դիմագրաւած առողջական հարցերը:

Ապիատ նշեց, որ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած է «Քորոնա»-ի համաճարակին արձանագրած զարգացումները` հաստատելով, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումը կը շարունակուի:

Ան նկատել տուաւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած այն քաղաքացիները, որոնք պատուաստուած են` թեթեւ ախտանշաններով է, որ կ՛ապաքինին, իսկ չպատուաստուած քաղաքացիներն են ընդհանրապէս, որոնք ծանր կ՛անցընեն իրենց վարակումը:

Ապիատ շեշտեց, որ կը նախատեսուի «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւին նուազումը` ընդգծելով, որ անձնական հիւանդանոցները իրենց կարգին պէտք է «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու յատուկ բաժանմունքներ ունենան եւ հիւանդները ընդունին:

Ան աւելցուց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը բացած է Պիելի իր շտապ օգնութեան կեդրոնը եւ հոն կ՛ընդունի մեծ թիւով վարակուածներ, որոնք Լեռնալիբանանէն եւ Պէյրութէն են:

Նախորդը

Ժըպ Ժըննինի Մէկ Դրամատան Պաշտօնեաները` Պատանդ

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան Եւ Լիբանանեան Քաղաքական Դէմքեր Կը Շարունակեն Դատապարտել Ապու Տապիի Վրայ Կատարուած Յարձակումը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.