Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ այսօր պիտի մեկնի Ֆրանսա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Ժան Պաթիսթի հետ:
Համիէի այցելութիւնը ընդառաջում է Պաթիսթի յղած հրաւէրին, որ յանձնուած էր Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի կողմէ:
Փարիզի մէջ Համիէ-Պաթիսթ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 20 յունուարին:
Կը նախատեսուի, որ Համիէ աշխատանքային այցելութիւն մը կատարէ դէպի «Շարլ Տը Կոլ» օդակայան, Մարսէյի նաւահանգիստ, ինչպէս նաեւ գնացքներու եւ հանրային փոխադրամիջոցներու յատուկ ընկերութիւններ:
Նշենք, որ Համիէ երէկ հանդիպրում մը ունեցաւ Կրիոյի հետ: Ֆրանսացի դեսպանը հաստատեց, որ կառավարութեան հաւաքական աշխատանքը հիմնական է` աշխուժացնելու եւ հունի մէջ դնելու երկրին ընթացքը: