ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6109 վարակուածներ եւ մահացած 14 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 25.350 լ. ոսկիի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական եւ ընկերային բեմերը յուզող հարցերն ու շրջանային զարգացումները: Թրապուլսի ողջունեց կառավարութեան նիստերուն վերսկսելու կարելիութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է կառավարութեան աշխատելու առիթ տալ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը նիստի մը պիտի հրաւիրէ երկուշաբթի, 24 յունուար 2022-ին` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ նշանակումներու թղթածրարը պատճառ պիտի չըլլայ կառավարութիւնը այլ ցնցումի մը ենթարկելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց կառավարութեան ապրուստի հարցերու լուծման առաջնահերթութիւն ընծայելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ամին Շըրրի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը էր եւ տակաւին կը շարունակէ գոյատեւել ամբողջ Լիբանանի պաշտպանութեան համար եւ ոչ միայն Լիբանանը բաղկացնող մէկ շերտին համար:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքը արգելակելու կարողութիւն ունեցողն է, որ կ՛որոշէ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կարելի է երեսփոխանական ընտրութիւններ չկայացնել երկրին մէջ` նկատի ունենալով անմիջական հսկայ դէպքի մը պատահիլը կամ ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով բաւարար գումարներու չգոյութիւնը: Ալլուշ յայտնեց, որ եթէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի որոշէ իր թեկնածութիւնը չառաջադրել, ապա իրենք հրապարակը բաց պիտի չձգեն:
ՍՆՆԴԵՂԷՆ ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ սննդեղէնի սակերը պիտի նուազին այս շաբթուան ընթացքին` նկատի ունենալով ամերիկեան տոլարի սակագինին նուազումը:


