Կրիօ. «Ֆրանսա Միշտ Նեցուկ Պիտի Կանգնի Լիբանանին Եւ Լիբանանցիներուն»
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ երէկ այցելեց մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ դրուատեց նախարարութեան Ֆրանսայի եւ Հնութիւններու տնօրէնութեան հետ համագործակցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Մուրթատա եւ Կրիօ համաձայնեցան, որ նախարարութեան ու դեսպանատան միջեւ գործակցութիւնը շարունակուի, եւ միացեալ ձեռնարկներ իրականացնելու կարելիութիւնները սերտուին: Կրիօ հաստատեց, որ Ֆրանսա միշտ նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանին ու լիբանանցիներուն եւ անոնց պիտի...




















