ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 8427 վարակուածներ եւ մահացած 18 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 21.700 լ. ոսկիի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 2400 լ. ոսկիով, 95 օքթան պենզինը` 2200 լ. ոսկիով, մազութը` 12.800 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 10.600 լ. ոսկիով: Այս սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 369.200 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինը` 358.400 լ. ոսկի, մազութը` 328.600 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 276.400 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները նախատեսել, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական դաշտը լեցուն է անակնկալներով:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ պետական դպրոցները վտանգի ենթակայ են, իսկ այդ դպրոցներուն աշակերտները ուսումէ զրկուած են:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ եթէ հաղորդակցութեան մարզին ելեկտրականութիւն ապահովուի, ապա կարիք չկայ հաղորդակցութեան ծառայութեան համար վճարումները բարձրացնելու:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած ապրուստի տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա երէկ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իրանեան հիւլէական թղթածրարին շուրջ Վիեննայի մէջ ընթացող բանակցութիւններն ու անոնց դրական ընթացքը: Ֆիրուզնիա յայտնեց, որ Իրան պատրաստ է ամէն իմաստով օժանդակելու Լիբանանին եւ դրական ներդրում ունենալու` զայն իր տագնապներէն փրկելու նպատակով:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Մորիս Սլիմ` ներկայութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, այցելեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան կեդրոն, ուր ան դիմաւորուեցաւ գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Թոնի Քահուաժիի կողմէ: Սլիմին ներկայացուեցաւ Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին պարզած կացութիւնը: Սլիմ դրուատեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան նուաճումները:


