Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 3, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 10.760 վարակուածներ եւ մահացած 17 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.900 լ. ոսկիի:

ԵՐԷԿ առաւօտեան ժամը շուրջ 10:30-ին, Քեսրուանէն հարաւային Լիբանան երկարող ծովեզերեայ շրջանի երկայնքին լսուած է ուժգին պայթում մը, որուն պատճառները ծանօթ չեն, սակայն կան վարկածներ, որ իսրայէլեան օդուժը ձայնի պատը քանդած ըլլայ: Նշենք, որ կէսօրուան ժամերուն իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Պէյրութի, Լեռնալիբանանի եւ Մեթնի վերեւ թռիչքներ գործեց:

ՎԱՏԻԿԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Ռիչըրտ Փոլ Կալակեր ներկայ գտնուեցաւ «ԻՒԶԵՔ» համալսարանին մէջ գումարուած խորհրդաժողովին, որ նուիրուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի Լիբանանի այցելութեան 25-ամեակին: Ան յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ վերջ տալ իր դիմագրաւած տագնապին, սակայն Լիբանան կարիքը ունի բարեկարգումներու:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի որոշումով երկուշաբթի, 14 փետրուար 2022-ին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական դպրոցները կը մնան փակ` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն նահատակութեան յիշատակին առիթով:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց Քուէյթ եւ Թուրքիա կատարած իր այցելութիւններուն արդիւնքները: Քննարկուեցան նաեւ ելեկտրական հոսանք ապահովելու թղթածրարն ու եգիպտական կազը Լիբանան հասցնելու գործողութիւնը դիւրացնելու անհրաժեշտութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ սեփական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձը պէտք է վերադասաւորումի ենթարկուի` աւելցնելով, որ պետական ամավարկի վաւերացումէն ետք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հետ պիտի կատարուի հանդիպում մը` քննարկելու համար սղաճին դիմաց աշխատաւորին վճարուելիք աշխատավարձին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 3400 լ. ոսկիով, մազութը` 19.600 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 16.200 լ. ոսկիով: Այս սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 365.000 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինը` 354.400 լ. ոսկի, մազութը` 305.400 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 257.300 լ. ոսկի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

«ՆԱՀԸԺ» շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ բէկ կը քանդէ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը, մինչդեռ ան կոչուած է լիբանանեան դրամանիշին արժէքը պաշտպանելու պատասխանատուութեան:

 

Նախորդը

Հակադաշնակցական Հնամաշ Արշաւ` Նոր Ու Ձախող Մունետիկներով

Յաջորդը

Վրոնեցքա Այցելեց Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Եւ Հոգեւոր Պետերու

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.