Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ յայտնեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հսկայական ջանքեր ի գործ դրած է ապահովել կարենալու համար 11-ամեայ պատանի Ռայան Քանաանի ազատ արձակումը:
Նշենք, որ նախանցեալ օր երկու անծանօթներ «Քիա Փիքանթօ» տիպի, մոխրագոյն ինքնաշարժով մը Հալաթ-Ժիպէյլ շրջանին մէջ առեւանգած էին Ռայան Քանաանը: