Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի անդամները` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ սահմանադրութիւնը մայր օրէնքն է եւ ան է տէրը, որ ստրուկներ չունի: «Սահմանադրութեան մէջ կան չորս կէտեր, որոնք կը հաստատեն, որ նախագահներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու դատավարութեան իրաւասութիւնը տրուած է խորհրդարանին: Խորհրդարանը ունի իր դատական խորհուրդը, որուն մէջ կան ութ դատաւորներ, որոնց կը գլխաւորէ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի ներկայ նախագահը, ինչպէս նաեւ եօթը երեսփոխաններ, որոնք երդում տուած են», հաստատեց Պըրրի:
Ան նշեց, որ Պէյրութի պայթումի թղթածրարին գծով մեր պահանջածը սահմանադրութեան ու օրէնքի գործադրութիւնն էր` թղթածրարին քաղաքականացման փոխարէն:
Անդրադառնալով Լիբանանի ծովային սահմանագծումին` Պըրրի յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայն յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան եւ անոր ժամանումով պիտի վերսկսին սահմանագծման անուղղակի բանակցութիւնները:
Այս առումով Պըրրի կոչ ուղղեց Ֆրանսայի եւ «Թոթալ» ընկերութեան, որ նաւթահորերու պեղման իրաւասութիւն ձեռք ձգած է, սկսելու իր աշխատանքը, առանց պատճառաբանութիւններէ կախեալ ըլլալու:
Ան շեշտեց, որ ծովային այն շրջանը, ուր պեղումներ պէտք է կատարուին, զուտ լիբանանեան են, եւ անոնց ինքնութեան շուրջ հարցեր չկան, «հետեւաբար պէտք է թօթափել ձեր վրայ բանեցուող ճնշումները», հաստատեց Պըրրի:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ակնարկելով` Պըրրի ըսաւ. «Կը մերժեմ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը` նոյնիսկ մէկ վայրկեանի համար»:
Ան զարմանք յայտնեց, որ ազգային երկեակը` Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան ամբաստանուած են երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու աշխատանք տանելու յանցանքով:
Պըրրի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները հիմնական անկիւնադարձ կը նկատուին` աւելցնելով, որ լիբանանցիները պէտք է ընտրեն իրենց ընտրապայքարը, որ կրնայ ըլլալ նահատակներուն պայքարը նահատակներուն վրայ կամ Լիբանանի վերականգնումին պայքարը, «Իսկ Լիբանանի վերականգնում կը նշանակէ արաբական երկիրներու վերադարձ: Երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է ըլլան նոր քայլ մը` դէպի նոր Լիբանան», շեշտեց ան:
Ան կոչ ուղղեց արաբական տնտեսութիւնը միասնականացնելու` արաբական երկիրներուն միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ արաբական շուկաներուն մէջ իսրայէլեան «ներխուժում»-ը կասեցնել: Ան շեշտեց, որ այս իմաստով Լիբանան կրնայ օգտակար ըլլալ:
Պըրրի վերահաստատեց, որ այնքան ատեն որ Իսրայէլ ներկայ է լիբանանեան հողերուն վրայ, եւ անոր ախորժակները սուր են, ապա Դիմադրութիւնն ու անոր զէնքը պիտի շարունակեն մնալ ազգային կարիք` զսպելու համար սիոնական գոյացութեան ախորժակները: «Դիմադրութեան զէնքը բռնագրաւումի արդիւնք է եւ ոչ հակառակը», հաստատեց ան:
Նախագահական ընտրութիւններուն մասին խօսելով Պըրրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն բազմիցս յայտարարած է, թէ ան իր նախագահութեան նստաշրջանը աւարտելէ ետք օր մը իսկ աւելի պիտի չմնայ նախագահական պալատին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ իրեն համար հանրապետութեան նախագահին յատկանիշներուն մէջ կարեւորագոյնը այն է, որ հանրապետութեան նախագահը ըլլայ լիբանանցիները միաւորողը:
Պըրրի գնահատեց պետական ամավարկին առումով կառավարութեան կատարած այշխատանքը` աւելցնելով, որ ներկայ պայմաններուն ընթացքին կարելի չէ ժողովուրդին վրայ տուրքեր պարտադրել:
Սէուտական եւ իրանեան բանակցութիւններուն մասին Պըրրի յայտնեց, որ Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան միացնող իրականութիւնները շատ աւելի են, քան զանոնք իրարմէ հեռացնողները: Ան նշեց, որ արաբական-իրանեան մերձեցումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ տարբեր թղթածրարներու վրայ` սկսելով Եմէնէն, հասնելով Սուրիա եւ չվերջանալով Լիբանանի մէջ:
Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց համաարաբական համախոհութեան վերականգնումը` աւելցնելով, որ ատիկա կարելի չէ կատարել առանց Սուրիան Արաբական լիկայի լիիրաւ անդամ նկատելու: