Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն փակեց լիբանանեան տարբեր շրջաններու ճամբաները, սակայն ոչ այն աստիճան, որ երկիրը ամբողջ անդամալուծուի կամ երթեւեկը լրիւ սառեցուի:
Միւս կողմէ, նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց երկարատեւ նիստ մը, որուն ընթացքին շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան շարժումը, որուն լոյսին տակ կազմած է նախարարական յանձնախումբ մը` հետեւելու վարորդներու պահանջներուն:
Հալապի յայտնեց, որ յանձնախումբին մաս կը կազմեն հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի:
Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաղուան կը յետաձգէ պետական ամավարկի վաւերացումը, որպէսզի կարենայ լաւապէս քննարկել տուրքերուն վերաբերող բաժինը:
Անդրադառնալով ելեկտրականութեան ընկերութեան տրամադրուելիք առ հաշիւ օժանդակութեան` Հալապի ըսաւ. «Լսելէ ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի զեկուցումը, որոշուեցաւ, որ այդ գումարը նկատի առնուի պետական ամավարկի շրջագիծին մէջ` իբրեւ բաժին մը իրագործուելիք ամբողջական ծրագիրէն, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան մարզին տրամադրուած ներդրում մը»:
Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրով աւելի քան տասը հազար վարակուածներու իրողութիւնը պատճառ պիտի չըլլայ, որ երկիրը փակուի:
Նշենք նաեւ, որ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս առաւօտեան գործադուլին ընթացքին հաստատեց, որ եթէ կառավարութիւնը ընդառաջէ իրենց պահանջներուն, ապա բոլոր շրջաններուն մէջ ճամբաները պիտի բացուին:
Սակայն երէկ յետմիջօրէին համադաշնակցութեան գումարած նիստէն ետք հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Թլայս յայտարարեց, որ որոշուած է իբրեւ բարի կամեցողութիւն կառավարութեան քննարկումներուն, գործադուլը այսօրուան համար ջնջել` մէկ օրուան առիթ ընծայելով անոնց, որոշ արդիւնքի մը յանգելու:
Թլայս յայտարարեց նաեւ, որ համադաշնակցութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէ ժողով մը, որուն ընթացքին պիտի արժեւորէ կառավարութեան տալիք որոշումը եւ ըստ այնմ նոր քայլեր որդեգրէ:
Այս յայտարարութենէն ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ այսօր բոլոր դպրոցներուն, արհեստից հիմնարկներուն եւ համալսարաններուն համար դասաւանդութեան սովորական օր է: