Լիբանանեան

Պըրրի Վաղը Պիտի Նախագահէ  Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստին

Հրատապ Ժամկէտներու Ընդառաջ. Իշխանութիւնները Կը Փորձեն Ամբողջացնել Իրենց Նախապատրաստական Քայլերը

15 մայիս 2022-ին նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութեանց եւ անոնց յաջորդելիք հոկտեմբեր 2022-ի նախագահական ընտրութեան ժամկէտներուն ընդառաջ, լիբանանեան իշխանութիւնները կը փութան ամբողջացնել իրենց նախապատրաստական քայլերը: Փաստօրէն, ճիշդ է, որ ամիսներ կը բաժնեն նախագահական ընտրութենէն եւ զայն կանխելիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն, սակայն պատասխանատուներու կողմէ  արձանագրուող գրեթէ բոլոր քայլերն ու կեցուածքները կը մղուին նշեալ ժամկէտներու քաղաքական հաշուարկի հեռանկարով: Արդարեւ, նախընտրական այս շրջանին քարոզչական արշաւները թէեւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին, «Քորոնա» համավարակին հետեւանքով 20 մահեր եւ 6482 վարակման նոր պարագաներ արձանագրուած են: ՆԱԽԸՆԹԱՑ մը կազմելով` մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, այսօր Մար Մարունի տօնին առիթով պիտի հանդիսապետէ Ժըմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագի յատուկ արարողութեան: Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը այս առիթով իր քարոզին ընդմէջէն յատուկ պատգամներ յղէ երկրի պատասխանատուներուն եւ...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Պահանջէ  Պահպանել Բնակիչներուն Ապահովութիւնը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Պահանջէ Պահպանել Բնակիչներուն Ապահովութիւնը

Մըզհերի մէջ շէնքի մը պատին փուլ գալուն հարցով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կապ հաստատած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի հետ եւ անոնցմէ պահանջած, որ անհրաժեշտ միջոցները որդեգրեն` բնակիչներուն ապահովութեան համար: Կէսօրէ ետք Մաուլաուի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Յ. Բագրատունիի հետ` հաստատելով, որ Շտապ օգնութեան...

Ուսուցիչները Համաձայնեցան Վերադառնալ  Դասաւանդութեան, Եթէ Իրենց Խոստացուած  Փոխադրածախսի Որոշումը Այսօր Ստորագրուի

Ուսուցիչները Համաձայնեցան Վերադառնալ Դասաւանդութեան, Եթէ Իրենց Խոստացուած Փոխադրածախսի Որոշումը Այսօր Ստորագրուի

Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ ընթացիկ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ 76 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց խորհրդակցական հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի, կրթութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, Ուսուցիչներու լիկան եւ տարրական կրթութեան բաժանմունքին մէջ պայմանագիրով...

Նախագահ Աուն Սլիմի Հետ Քննարկեց  Բանակայիններուն Իրաւունքները Եւ Ծովային  Սահմանագծումին Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Սլիմի Հետ Քննարկեց Բանակայիններուն Իրաւունքները Եւ Ծովային Սահմանագծումին Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց շարք մը պատասխանատուներ, որոնց հետ քննարկեց ընդհանուր իրավիճակն ու կարգ մը նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր: Նախագահ Աուն ընդունեց Մարոնիներու լիկայի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրը, որ յայտնեց, թէ Մարոնիներու լիկան Պետական շուրային դիմած է` պահանջելով վիճարկել աշխատանքի նախարարին այն որոշումը, որ կը վերաբերի միայն լիբանանցիներուն յատուկ աշխատանքները այլոց կողմէ կատարուելու...

Ամոս Հոքշթայն  Այսօր Կ՛այցելէ Լիբանան

Ամոս Հոքշթայն Այսօր Կ՛այցելէ Լիբանան

Ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն վերսկսելու շրջագիծին մէջ, այսօր Լիբանան կը հասնի ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայն: Հոքշթայն այսօր կէսօրէ ետք պիտի այցելէ Լիբանան, ուր ան 24 ժամուան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի տարբեր պատասխանատուներու հետ: Կը նախատեսուի, որ Հոքշթայն հանդիպում մը ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի: Ամերիկացի միջնորդը...

Բանակը Պրիթելի Եւ Նահլէի  Բարձունքներուն Մէջ  Կատարեց Ձերբակալութիւններ

Բանակը Պրիթելի Եւ Նահլէի Բարձունքներուն Մէջ Կատարեց Ձերբակալութիւններ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան մէկ ջոկատը երէկ ներխուժած է Պաալպեքի եւ Պրիթելի մէջ գտնուող կարգ մը բնակարաններ, ուրկէ ձերբակալած է Զ. Հ. անուան սկզբնատառերով սուրիացի մը, ինչպէս նաեւ բացայայտած ու գրաւած է թմրեցուցիչի գործարան մը, ուր կը պատրաստուէին հաշիշ եւ «Քեփթակոն» դեղահատեր: Բանակը բնակարանէ մը գրաւած է նաեւ մեծ...

«Լիբանան Տեղեակ Պահած Էր, Թէ ՏԱՀԵՇ-ի Խմբաւորում Մը Կ՛ուղղուի Դէպի Իրաք»  Շեշտեց Աարաժի

«Լիբանան Տեղեակ Պահած Էր, Թէ ՏԱՀԵՇ-ի Խմբաւորում Մը Կ՛ուղղուի Դէպի Իրաք» Շեշտեց Աարաժի

Իրաքի քաղաքացիական անվտանգութեան խորհրդատու Քասեմ Աարաժի յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները զիրենք տեղեակ պահած էին, թէ կայ ՏԱՀԵՇ-ի խմբաւորում մը, որ կ՛ուղղուի դէպի Իրաք: «Այդ տեղեկութիւնը արտօնեց մեզի, որ Տիալի նահանգը ռմբակոծենք` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչներուն բջիջը, որ հիւսիսային Լիբանանի Ուատի Նահլէ շրջանէն ուղղուած էր Իրաք», ըսաւ Աարաժի:

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն  Ընտանիքները Կատարեցին Նստացոյց Մը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Կատարեցին Նստացոյց Մը

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք հրկիզուող անիւներով փակեցին Ատլիէի ճամբան: Զոհերուն ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենց բողոքի նստացոյցը ընթացքի մէջ է, որովհետեւ պայթումին մասին բացուած հետաքննութիւնը դադրած է: Անոնք պահանջեցին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի դէմ յարուցուած դատերը յետս կոչել, որպէսզի ան կարենայ...

Հաժժար. «Ամէնէն Աղքատ  Ընտանիքներու Ծրագիր»-ի  Շրջագիծին Մէջ Պիտի Հասնինք  Աւելի Քան 75 Հազար Ընտանիքի»

Հաժժար. «Ամէնէն Աղքատ Ընտանիքներու Ծրագիր»-ի Շրջագիծին Մէջ Պիտի Հասնինք Աւելի Քան 75 Հազար Ընտանիքի»

Ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ամէնէն աղքատ ընտանիքներու ծրագիր»-ի շրջագիծին մէջ, առաւելագոյնը չորս ամսուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ աւելի քան 75 հազար ընտանիքի: Հաժժար յայտնեց, որ այս նպատակով ալ որոշած են օժանդակութիւններուն գումարը բարձրացնել երեքուկէս միլիառ տոլարի: «Տաամ» ցանցին վրայ արձանագրուած պարագաներուն առումով, բնակարանային այցելութիւնները պիտի սկսին 15 փետրուարին: Միւս կողմէ, Հաժժար...

Ուահապ. «Մենք Կը Գտնուինք Դժուար,  Կարեւոր Եւ Հիմնական Փուլի Մը Մէջ,  Իսկ Պետական Ամավարկի Տուրքերը Կը Մերժեմ»

Ուահապ. «Մենք Կը Գտնուինք Դժուար, Կարեւոր Եւ Հիմնական Փուլի Մը Մէջ, Իսկ Պետական Ամավարկի Տուրքերը Կը Մերժեմ»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանցին ունի ապրուստի հոգեր` պատասխանատուներուն միջեւ ապարդիւն բանավէճը լսելէ բացի: Ուահապ շեշտեց, որ ծովային սահմանագծումի թղթածրարին առումով պէտք է լիբանանեան միացեալ կեցուածք գոյանայ, «եւ պէտք է սահմանագծումի հարցով լուծման մը յանգիլ, որովհետեւ բոլորը սկսած են նաւթ արտահանել», ըսաւ ան: Ուահապ յայտնեց, որ մենք կը գտնուինք դժուար, կարեւոր եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6351 վարակուածներ եւ մահացած 19 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 21.250 լ. ոսկիի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 10 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այն Թինէի մէջ: ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին...

Երեսփոխանական Ընտրութիւններու  Մթնոլորտը Տժգոյն Է, Իսկ Ընդհանուր  Իրավիճակը Կը Մնայ Անհեռանկար

Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Մթնոլորտը Տժգոյն Է, Իսկ Ընդհանուր Իրավիճակը Կը Մնայ Անհեռանկար

Մինչ երեսփոխանական ընտրութիւններու մթնոլորտը կը շարունակէ իր տժգոյն վիճակով շարունակուիլ եւ ընտրարշաւի թափը դանդաղ քայլերով կ՛առաջնորդուի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին հաստատեց, որ Հըզպալլա երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի իր զոյգ դաշնակիցներուն` Ամալ շարժումին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողքին, ջանալով ապահովել ազգային շահերը: Միւս կողմէ, նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ եւ սիւննի համայնքը ներկայացնող անկախ անձնաւորութիւններ մեկնարկը կատարեցին ազգային միացեալ...

Տնտեսական Սուր Տագնապին Մասին  Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Տնտեսական Սուր Տագնապին Մասին Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Ամերիկեան տոլարին սակը կը նուազի... սակայն գիները կը մնան նոյնը: Երկիրը մութին մէջ կ՛ընկղմի... իսկ ելեկտրականութեան հոսանքի խոստումները կ՛անհետանան անոր մէջ: Մինչեւ ե՞րբ: Սառած եւ ոչ արդիւնաբեր իրավիճակ... իսկ ապրուստի վիճակը` դէպի նահանջ: Մինչեւ ե՞րբ»:    

Նախարարներ Պուչիքեան  Եւ Հաժ Հասան Մեկնեցան Իրաք

Նախարարներ Պուչիքեան Եւ Հաժ Հասան Մեկնեցան Իրաք

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան եւ երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան երէկ մեկնեցան Իրաք: Անոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ՄԱԿ-ի Սնունդի եւ երկրագործութեան միջազգային կազմակերպութեան 36-րդ շրջանային խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Պաղտատի մէջ: Միջազգային այս խորհրդաժողովին կայացումը Պաղտատի մէջ կու գայ հաստատելու, որ արաբական եւ միջազգային առումով Իրաքի դերակատարութեան վերստանձնումին նկատմամբ միջազգային ճանաչում գոյութիւն ունի: Խորհրդաժողովին Պուչիքեան եւ Հաժ Հասան...

Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Հաստատէ  ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Դերակատարութեան  Կարեւորութիւնը Եւ Անոնց Հանդէպ Յարգանքը

Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Հաստատէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը Եւ Անոնց Հանդէպ Յարգանքը

Պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ շաբաթավերջին պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը: Տել Քոլ Սլիմին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես հազարապետ-զօրավար Արոլտօ Լազարօ Սայնզը նշանակած է իրեն փոխանորդ` աւելցնելով, որ ան իր պարտականութիւնները պիտի ստանձնէ փետրուարի աւարտին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ այն կայունութիւնը, որ կը տիրէ հարաւային Լիթանիի շրջանին...

Ռայի Պատրիարք. «Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Համար Ճշդուած Թուականի  Փոփոխութիւնը Խիստ Մերժելի Է»

Ռայի Պատրիարք. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Համար Ճշդուած Թուականի Փոփոխութիւնը Խիստ Մերժելի Է»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց երկրին պատասխանատուներուն վերջ տալու պետական հաստատութիւնները թիրախաւորելու իրենց քայլերուն, յատկապէս երբ այդ քայլերը մաս կը կազմեն սահմանադրութիւնը տապալելու յեղաշրջումի ծրագիրի մը: Ան ընդգծեց, որ խիստ մերժելի է 15 մայիս 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականի փոփոխութիւնը: Միւս կողմէ, Ռայի...

Մաուլաուի. «Դէպի Ծոցի Երկիրներ  Չարիքի Արտածումը Կասեցնելու Համար  Կազմ Ու Պատրաստ Ենք»

Մաուլաուի. «Դէպի Ծոցի Երկիրներ Չարիքի Արտածումը Կասեցնելու Համար Կազմ Ու Պատրաստ Ենք»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ յայտնեց, որ Թմրեցուցիչի դէմ պայքարի կեդրոնական գրասենեակը ձախողեցուցած է դէպի Քուէյթ «Քեփթակոն»-ի դեղահատեր մաքսանենգելու նոր փորձ մը: Մաուլաուի յայտնեց, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերը պիտի արգիլեն եւ կազմ ու պատրաստ են կասեցնելու դէպի Ծոցի երկիրներ չարիքի որեւէ արտածում: «Քեփթակոն»-ի դեղահատերը` 27քկ, տեղադրուած էին տուրմերու մէջ եւ ծրարուած անուշեղէնի յատուկ տուփերով, իսկ մաքսանենգողը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6147 վարակուածներ եւ մահացած 17 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 21.200 լ. ոսկիի: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը հաստատեց, որ լիբանանցիները պէտք է անսան իրենց խղճի ձայնին` ընտրելու համար իրենց ներկայացուցիչները, որոնք երկիրը դէպի փրկութիւն պիտի առաջնորդեն: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար...

Նախագահ Աուն Միքաթիի Հետ Քննարկեց  Պետական Ամավարկին Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Միքաթիի Հետ Քննարկեց Պետական Ամավարկին Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ յայտնեց, թէ նախագահ Աունին ներկայացուցած է 2022-ի պետական ամավարկի քննարկումներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ` ընդգծելով զայն վաւերացնելու եւ խորհրդարան ուղարկելու կարեւորութիւնը: Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ համաձայնած է, որ կառավարութեան նիստը նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 10 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին: Ան...

Page 360 of 988 1 … 359 360 361 … 988

Արխիւներ