Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Ռիչըրտ Փոլ Կալակեր երէկ շարունակեց Լիբանանի մէջ ունեցած իր հանդիպումները, որոնց շրջագիծին մէջ ան այցելեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանչիսկոս պապին մնայուն զօրակցութիւնը:
Վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Կալակեր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ անպայման փոփոխութիւն պիտի արձանագրուի` աւելցնելով, որ Վատիկան միշտ նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանին:
Իր կարգին, Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը կառչած կը մնայ բարեկարգումի իր ծրագիրին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանին միջազգային օժանդակութիւն ապահովելու առաքելութեան:
Գերապայծառ Կալակեր այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Կալակեր յայտնեց, որ Վատիկան յանձնառու կը մնայ գործակցութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը:
Գերապայծառ Կալակեր այցելեց նաեւ Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Ան հաստատեց, որ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկումները եղած են դրական, յատկապէս` իսլամական եւ քրիստոնէական կրօններու միջեւ երկխօսութիւն ապահովելու եւ մերձեցումը ամրապնդելու իմաստով:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ իր կարգին ընդունեց գերապայծառ Կալակերը:
Հանդիպումին ընթացքին Խաթիպ յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքին վրայ ցանուած փոշին քաղաքական յաւելաբանութեան նպատակով կը կատարուի:
Իր կարգին, Կալակեր անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համագործակցին` ապահովելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը, ինչպէս նաեւ միասնաբար դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Գերապայծառ Կալակեր այցելեց նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի:
Քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները, որոնց կարգին նաեւ լիբանանցի երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը:
Ապի Մունա յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի բոլոր նուիրեալներուն օժանդակութեան:
Նշենք, որ Կալակեր օր մը առաջ ներկայ գտնուեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւնները կայացնելու կարեւորութիւնը:
Խորհուրդը հաստատեց, որ Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը փայլուն օրինակ մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ Լիբանան կարիքը ունի իր չէզոք ըլլալու իրավիճակը յայտարարելու: