ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ երէկ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու արեւմտեան զինուորական կեդրոնին մէջ նախագահեց նոր եւ հին հրամանատարներուն միջեւ տեղի ունեցած յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութեան:
ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան կեդրոնի նախկին հրամանատար Սթեֆանօ Լակորիօ նոր հրամանատար Մասիմիլիանօ Սթիքային յանձնեց հրամանատարութեան պաշտօնը:
Այս առիթով զօր. Տել Քոլ կոչ ուղղեց բոլորին գործելու հաւասարակշռութեամբ, անկողմնակալութեամբ, դիւանագիտութեամբ, վստահելիութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով:
Նախկին հրամանատար Լակորիօ հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական ջոկատը միշտ գործած է չէզոքութեամբ, թափանցիկութեամբ եւ յարգանքով, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին հետ գործակցութեամբ, որուն շնորհիւ կրցած է համախոհութիւն ապահովել:


