Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Քուէյթի Իշխանին  Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահելու  Միջլիբանանեան Երկխօսութեան

Նախագահ Աուն Քուէյթի Իշխանին Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահելու Միջլիբանանեան Երկխօսութեան

Լիբանանեան կարգ մը օրաթերթեր, ինչպէս` «Ախպար» եւ «Շարք Աուսաթ», անդրադարձած են Լիբանանի կողմէ Քուէյթի յանձնուած զոյգ նամակներուն, որոնցմէ առաջինը հանրապետութեան նախագահ Աունի կողմէ յղուած էր Քուէյթի իշխան Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սապահի, իսկ երկրորդը` պատասխան էր Լիբանանին յղուած քուէյթեան յուշագիրին: Առաջին նամակով նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնած էր Քուէյթի իշխանին` Լիբանանի հանդէպ անոր ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար, հաստատած էր, որ Քուէյթ մնայուն նեցուկ...

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Մաս Կազմող  Հայ Խաղաղապահները Պարգեւատրուած Են

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Մաս Կազմող Հայ Խաղաղապահները Պարգեւատրուած Են

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութեան նախաձեռնութեամբ, Շամաա գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորական կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը, նուիրուած` Հայոց բանակի կազմաւորման 30-ամեակին: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող հայ խաղաղապահները Շամաայի մէջ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի ռազմակայանի հրամանատարութեան կողմէ պարգեւատրուած են պատուոյ գիրերով եւ շնորհակալական նամակներով` զինուորական բարձր կարգապահութեան եւ բարեխիղճ ծառայութեան համար:

«Քրոս Քարթ Ինքնաշարժներու Մրցում»-ի  Վարչական Խորհուրդի Կազմութիւն

«Քրոս Քարթ Ինքնաշարժներու Մրցում»-ի Վարչական Խորհուրդի Կազմութիւն

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս երէկ հրապարակեց թիւ 101/1/2021 որոշումը, որուն հիման վրայ կազմուեցաւ «Քրոս քարթ ինքնաշարժներու մրցում»-ի վարչական խորհուրդ մը` նախագահութեամբ Տէյվիտ Ապտօ Պու Ժաուտէի: Խորհուրդին մաս կը կազմեն նաեւ Ուալիտ Քայսար Պաայնօ (փոխնախագահ), Սելիմ Էլիաս Շլալա (ընդհանուր քարտուղար), Սամեր Մոհամետ Խտըր (գանձապահ) եւ Պետրոս Վարդգէս Գրիգոր (խորհուրդի անդամ): Այս որոշումը նախարար Քալլասի կողմէ տրուեցաւ այն համոզումով, որ...

Վարչապետ Միքաթի Պաշտօնական  Այցելութեամբ Մը Կը Մեկնի Թուրքիա

Վարչապետ Միքաթի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կը Մեկնի Թուրքիա

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Անգարա` ընդառաջելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրաւէրին: Միքաթիին ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նաժլա Ռիաշի, զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսար, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասին, երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան, հանրօգուտ շինութեանց եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 7314 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.600 լ. ոսկիի: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի որոշումով չորեքշաբթի, 9 փետրուար 2022-ին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանը կը մնան փակ` Մար Մարունի տօնին առիթով: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ «Daem» կայքին վրայ արձանագրուողները...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Պետական Մարզին  Տրամադրուելիք Ընկերային Օժանդակութիւնը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Պետական Մարզին Տրամադրուելիք Ընկերային Օժանդակութիւնը

Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայնութիւն չէ գոյացուցած մաքսատնային տոլարի փոխարժէքին շուրջ, եւ ելեկտրականութեան թղթածրարին քննարկումը յետաձգած է չորեքշաբթի, 2 փետրուարին: Այդ թղթածրարը պիտի քննարկուի զոյգ նիստերու ընթացքին: Հալապի նշեց, որ նախարարաց խորհուրդը վաւերացուցած է...

Նախագահ Աուն Սլիմին Փոխանցեց Հանգստեան  Կոչուած Զինուորականներուն Ընկերային  Օժանդակութիւն Տրամադրելու Որոշումը

Նախագահ Աուն Սլիմին Փոխանցեց Հանգստեան Կոչուած Զինուորականներուն Ընկերային Օժանդակութիւն Տրամադրելու Որոշումը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու զինուորականներուն, յատկապէս հանգստեան կոչուած զինուորականներուն իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Սլիմին յայտնեց, թէ կառավարութիւնը համաձայն է հանգստեան կոչուած զինուորականներուն ընկերային օժանդակութիւն տրամադրելու որոշումին: Այդ օժանդակութիւնը համազօր պիտի ըլլայ տակաւին ծառայող զինուորականի մը ամսական աշխատավարձին: Նախագահական Պալատը Կը Հրապարակէ...

Թլայս. «Ընդհանուր Գործադուլ  Եւ Ճամբաներու Փակում` 2, 3 Եւ 4 Փետրուարին»

Թլայս. «Ընդհանուր Գործադուլ Եւ Ճամբաներու Փակում` 2, 3 Եւ 4 Փետրուարին»

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը որոշած է 2, 3 եւ 4 փետրուարին կատարել ընդհանուր գործադուլ մը` Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, եւ փակել բոլոր ճամբաները: Թլայս նշեց, որ ընդհանուր գործադուլը պիտի սկսի չորեքշաբթի, 2 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 5:00-ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00: Թլայս իր խօսքը ուղղեց հանրապետութեան...

Զօր. Աուն Շիայի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Գործակցութիւնը

Զօր. Աուն Շիայի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան` ընկերակցութեամբ ամերիկեան դեսպանատան կցորդ` հազարապետ-զօրավար Ռապըրթ Մէյնի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնն ու զայն ամրապնդելու հեռանկարները:

Նայիմ Քասեմ. «Կառչած Կը Մնանք  Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Կայացման»

Նայիմ Քասեմ. «Կառչած Կը Մնանք Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացման»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ բոլոր ցուցանիշները կը հաստատեն, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին, եւ չկայ զարգացում մը, որ կրնայ խանգարել երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը: Շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման, որովհետեւ այդ ընտրութիւնները կը նկատէ անհրաժեշտ իրադարձութիւն մը, որ Լիբանանը կրնայ դուրս բերել առանց հորիզոնի գոյատեւելու իր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6279 վարակուածներ եւ մահացած 16 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.600 լ. ոսկիի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ խիստ մերժելի է կարգ մը ուժերու կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու պնդումը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն մասնակցելու յառաջիկայ մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որովհետեւ...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   «Սիւննի Համայնքը Լիբանանը Բաղկացնող Հիմնասիւներէն Է, Իսկ Ընտրութիւնները Յետաձգելու Պատճառ Չկայ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Սիւննի Համայնքը Լիբանանը Բաղկացնող Հիմնասիւներէն Է, Իսկ Ընտրութիւնները Յետաձգելու Պատճառ Չկայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 29 յունուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր դիմաւորուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ: Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն Տար Ֆաթուայէն յայտնեց, թէ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է սիւննի համայնքին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ...

Քուէյթի Մէջ.  Լիբանանի Պատասխան Նամակը Դրական Ազդեցութիւն Կը Ձգէ

Քուէյթի Մէջ. Լիբանանի Պատասխան Նամակը Դրական Ազդեցութիւն Կը Ձգէ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Քուէյթի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական հանդիպումին: Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Նասեր Մոհամետ Սապահի հետ եւ անոր յանձնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակը, որ ուղղուած է Քուէյթի Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին: Ան Սապահին յանձնեց նաեւ Լիբանանի պատասխան...

Կառավարութիւնը Պետական Ամավարկի Քննարկումը Կը Շարունակէ Այսօր

Կառավարութիւնը Պետական Ամավարկի Քննարկումը Կը Շարունակէ Այսօր

Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը շաբաթ կէսօրէ առաջ, վարչապետարանին մէջ գումարուած նիստի մը ընթացքին շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումը, որ պիտի շարունակուի դարձեալ այսօր` առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 2 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ նիստի ընթացքին նախարարաց խորհուրդը պետական ամավարկի թիւ 13 յօդուածին քննարկումը առկախեց: Թիւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 7105 վարակուածներ եւ մահացած 14 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 21.900 լ. ոսկիի: ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան յետաձգեց Լիբանան կատարելիք իր այցելութիւնը` Ուքրանիոյ եւ Պուրքինա Ֆասոյի թղթածրարներով զբաղած ըլլալուն պատճառով: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Մըր Ընտանիքէն Պատուիրակութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Մըր Ընտանիքէն Պատուիրակութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այսօր «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Մըր ընտանիքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ինթըրփոլի նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Մըր, զաւակը` Միշել Մըր, Մեթնի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր: Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին, երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքականութենէ եւ ընտրութիւններէ հեռու, նախ կ՛ողջունենք Էլիաս Մըրի, Միշելի եւ Միրնա Մըրի այցելութիւնը...

Միւֆթի Տըրիանի Հետ Հանդիպելէ Ետք.   «Ընտրութիւններուն Սիւննի Համայնքին Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Պիտի Չենթարկուի»  Հաստատեց Վարչապետ Միքաթի

Միւֆթի Տըրիանի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Ընտրութիւններուն Սիւննի Համայնքին Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Պիտի Չենթարկուի» Հաստատեց Վարչապետ Միքաթի

Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան գումարուած նիստի մը ընթացքին շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումը, որ պիտի շարունակուի դարձեալ այսօր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին: Նախքան նիստին գումարումը, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Կրիօ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել: Կառավարութեան նիստէն ետք, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ շէյխ Ապտել...

Նախագահ Աուն Հաժժարի Հետ Քննարկեց Հատուցման Քարտին Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Հաժժարի Հետ Քննարկեց Հատուցման Քարտին Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց հատուցման քարտին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ շուրջ 500 հազար լիբանանցիներ արձանագրուած են հատուցման քարտի եւ «Աման» ծրագիրի յատուկ ե-հարթակին վրայ: Ան շեշտեց, որ արձանագրութեան թուականը իր աւարտին կը հասնի երկուշաբթի, 31 յունուար 2022-ին: «Ստուգումները կատարելէ ետք վճարումը պիտի սկսի...

Պասիլ. «Կը Մաղթենք, Որ Ներկայ Փուլը  Ըլլայ Պաղեստինի Ազատագրումին  Առաջնորդող Փուլ Մը»

Պասիլ. «Կը Փափաքինք Ծոցի Երկիրներուն Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Սրբագրել, Սակայն Առանց Ներքին Լիբանանեան Հարցեր Ունենալու»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Ռաշա թուտէյ» ռուսական պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կան շարք մը ներքին եւ արտաքին պայմաններ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի տուած որոշումին վրայ: «Հարիրիէն պահանջուած էր քաղաքացիական պատերազմի սկսիլ, եւ որովհետեւ ան մերժեց այդ պահանջին ընդառաջել, ստիպուած դիմեց քաղաքական կեանքին իր մասնակցութիւնը առկախելու որոշումին:...

Պահաէտտին Հարիրի. «Նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի Ուղին Պիտի Շարունակեմ»

Պահաէտտին Հարիրի. «Նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի Ուղին Պիտի Շարունակեմ»

Պահաէտտին Հարիրի երէկ երեկոյեան լիբանանցիներուն յղեց պատգամ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իր հօր` նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի ուղին պիտի շարունակէ, ի խնդիր Լիբանանի բարգաւաճման: Ան ընդգծեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Լիբանան: «Իբրեւ Ռաֆիք Հարիրիի զաւակները, մեր կրօնը, բարոյական արժէքներն ու դաստիարակութիւնը չեն արտօներ, որ մեր պատասխանատուութիւններէն հրաժարինք, եւ մեր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս Լիբանան հայրենիքին զարգացման չտրամադրենք: «Հօրս...

Page 362 of 988 1 … 361 362 363 … 988

Արխիւներ