Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի, որուն հետ քննարկեց 15 մայիս 2022-ին կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները:
Վրոնեցքա այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի:
Հանդիպումին ընթացքին ընդհանուր արժեւորումը կատարուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի Լիբանան կատարած այցելութեան:
Ներկաները ընդգծեցին նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարելու կարեւորութիւնը:
Վրոնեցքա այցելեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւններն ու ՄԱԿ-ի հետ Լիբանանի երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ան ընդունուեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վրոնեցքա այցելեց Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ժահժահ Վրոնեցքային ներկայացուց այն փորձերը, որոնք կը կատարուին արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան պատկերը փոփոխութեան ենթարկելու եւ այս միջոցով երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու նպատակով:
Վրոնեցքա այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլի, որ հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է հետեւի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` ապահովելու համար անոնց պարկեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրելու եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու լիբանանցիներուն իրաւունքը: