Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թիւերը, Միջիններն Ու Համեմատութիւնները Բծախնդրութեամբ Կը Սերտենք, Եւ Ցարդ Ոչինչ Հաստատ Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Փետրուար 3, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Լեպանոն 24» կայքին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ 1992-ի փորձառութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը դէպի կայունութիւն միակ միջոցն է:

«Այս օրերուն վերլուծումներն ու զրպարտութիւնները մեծաթիւ կ՛երեւին:

Ինչ կը վերաբերի Մեթնի, միշտ յայտարարած ենք եւ կը վերահաստատենք, որ Մեթնի մէջ բոլորը` անխտիր, կրնան ներկայացուիլ: Հետեւաբար Մեթնի մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է, որ խորհրդարան հասնին », հաստատեց ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին գոյացուցած դաշինքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն բծախնդրութեամբ կը սերտէ թիւերը, միջիններն ու համեմատութիւնները: «Հետեւաբար ցարդ ոչինչ հաստատ է կամ վերջնական: Հայ համայնքի ներկայացուցչութիւնը, որուն մէջ կ՛իյնայ նաեւ ՀՅԴ- ի ներկայացուցչութիւնը, պէտք է անպայման ապահովուի, ըլլայ` ճշգրիտ եւ ամբողջական: Այսօր իբրեւ Լիբանանի հայ համայնք մենք ունինք վեց երեսփոխաններ, ինչ որ բնական իրաւունք է, եւ ՀՅԴ-ն կը ջանայ զայն պաշտպանել ու բարելաւել», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է նկատի ունենալ ընտրական եւ քաղաքական դաշինքները իրարմէ զատորոշելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ այդ կարելիութեան յանձնառու են քաղաքական բոլոր ուժերը` ներկայ ընտրական օրէնքին պատճառով:

«Մենք մեր աւանդական եւ ոչ աւանդական դաշինքներու տեսակը ճշդելու վիճակին մէջ ենք` նպատակ ունենալով երաշխաւորել մեր շահերը եւ մեր ներկայացուցած ժողովուրդին շահերը: Հետեւաբար, մինչեւ այս վայրկեանը տակաւին վերջնական որոշում չկայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կամ Միշել Էլիաս Մըրի հետ դաշնակցելու կամ չդաշնակցելու ուղղութեամբ», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Անդրադառնալով Փաղանգաւոր կուսակցութեան` երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ բոլոր թիւերն ու համեմատութիւնները ցոյց կու տան, թէ ո՛չ մեր եւ ո՛չ ալ անոնց շահերուն կը ծառայէ` ընտրական նոյն դաշինքով յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցիլը:

Միւս կողմէ, «Միտիա Ֆեքթըրի»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ մինչեւ օրս Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ դաշինքը խզելու որոշում չկայ, իսկ այս իրականութեան հակասող լուրերը գուշակութիւններ են:

«Մենք կը ներկայացնենք համայնք մը, կուսակցութիւն մը եւ երեսփոխանական պլոք մը, իսկ ընտրական դաշինքները տարբեր են քաղաքական դաշինքներէն, յատկապէս նկատի ունենալով ընտրական օրէնքի տեսակը, որ բոլորին կը պարտադրէ առաւելագոյն ճիգը թափել` յաջողցնելու համար իրենց թեկնածուները: Այս իմաստով խոր քննարկումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կան, եւ այս դիտանկիւնէն մեկնելով` մենք մեր դաշնակիցներուն հետ կ՛աշխատինք յաջողցնելու համար մեր թեկնածուները` ըլլան անոնք ՀՅ Դաշնակցութեան կամ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածուները», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այս իրականութիւնը միայն Մեթնի ընտրաշրջանին չի վերաբերիր, այլ նաեւ կը հասնի Պէյրութ, Զահլէ եւ այլ վայրեր: «Նախապէս ալ յայտարարած եմ, որ բոլոր կարելիութիւնները առկայ են, եւ մենք բոլորին հետ գործակցելու տրամադիր ենք` պայմանով որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովուի եւ հաւաքականութիւն մը ներկայացնող այս կամ այն ուժը չլուսանցքայնացուի», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ 1992-ի սխալը պէտք չէ կրկնել` պոյքոթի ենթարկելու, լուսանցքայնացնելու կամ քաղաքական ներկայացուցչութիւն ունեցող այս կամ այն տունը փակելու իմաստով: «ՀՅ Դաշնակցութիւնը քաղաքական տարբեր ուժերու հետ կը հանդիպի, ըլլան անոնք դաշնակիցներ կամ ուժեր, որոնց հետ նախապէս դաշինք չէ գոյացուցած: Անշուշտ այս իրողութիւնը անպայման Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ դաշինքի խզում չի նշանակեր», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Էլիաս Մըրի այցելութեան եւ անոր զաւկին` Միշել Էլիաս Մըրի թեկնածութեան յայտարարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Մըր ընտանիքին հետ պատմական յարաբերութիւններ ունի, 65 տարուան բարեկամութիւն եւ գործակցութիւն, որ կ՛երթայ մինչեւ Միշել Մըր մեծ հօր օրերը: «Գաղտնիք չէ նաեւ այն, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկեցինք երեսփոխանական ընտրութիւնները, թիւերն ու համեմատութիւնները, ինչպէս որ քաղաքական այլ ուժերու հետ կը քննարկենք», աւելցուց ան:

Յ. Բագրատունի իր հարցազրոյցը եզրափակեց նշելով, որ ինք որոշ մտավախութիւն մը ունի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ջնջուելուն առումով, «սակայն մենք կ՛աշխատինք այն համոզումով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 15 մայիս 2022-ին, եւ այդպէս պէտք է աշխատին քաղաքական բոլոր ուժերը, որպէսզի կարենանք դուրս գալ ներկայ տագնապէն», շեշտեց ան:

Նախորդը

Մինչ Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզը Կը Փակէ Ճամբաները, Կառավարութիւնը Վաղուան Կը Յետաձգէ Պետական Ամավարկի Վաւերացումը

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Ու Անգարան Քննարկած Են Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Կողմէ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ջանքերը» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?