Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստին. «Դէպի Յաւելեալ Կայունութիւն Պէտք Է Առաջնորդուիլ» Շեշտեց Տել Քոլ
Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու ու լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի: Նիստին ընթացքին Տել Քոլ հաստատեց, որ պէտք է բոլորը ունենան անհրաժեշտ դերակատարութիւն` խաղաղութիւնը իր թեքնիք մակարդակէն...




















