Իրանեան դեսպանատունը կազմակերպեց իրանեան յեղափոխութեան 43-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա յայտնեց, որ յաղթական այս տօնին առիթով բարձր պէտք է պահուի ժողովուրդները ստրկացումէ եւ բռնատիրութենէ փրկելու կամքն ու կորովը:
Ֆիրուզնիա բարձր գնահատեց Իրանի մէջ իսլամական յեղափոխութեան արձանագրած յաղթանակն ու նուաճումները` ընդգծելով, որ անիկա իր մեծ դերակատարութիւնը ունեցած է երկրին տարբեր մարզերուն բարգաւաճման մէջ, ինչպէս նաեւ կը մղէ, որ Իրան հետզհետէ յաւելեալ յառաջդիմութիւն արձանագրէ եւ նուաճումներ իրագործէ:
Ան հաստատեց, որ Իրան պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են: «Իրան պատրաստ է ամէն իմաստով օժանդակելու Լիբանանին եւ զայն դուրս բերելու տնտեսական ու ապրուստային իր դիմագրաւած տագնապներէն: Համոզուած ենք, որ լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ երկխօսութեան պահպանումը կարեւոր ազդակ է` երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու եւ պահպանելու, ինչպէս նաեւ ապագային մարտահրաւէրները դիմակալելու», հաստատեց ան: