Մար Մարունի տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 9 փետրուար 2022-ին, Ժմմէյզէի «Մար Մարուն» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Հանդիսաւոր պատարագին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին վարչապետներ, նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ պետական ու զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ եւ սենտիքաներու ներկայացուցիչներ:
Մար Մարունի տօնին առիթով Ռայի պատրիարքը իր արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց, որ Լիբանանի մարոնի համայնքը իր հոգեւոր, ընկերային եւ քաղաքական ծրագիրը դարձուցած է ազատութիւնը, եւ այդ յատկանիշը շեշտուած կերպով կը դրսեւորուի իրենց արժանապատուութեամբ:
«Այս առիթով մենք Լիբանանի նկատմամբ մեր հաւատքը կ՛ամրապնդենք` հակառակ մարտահրաւէրներուն: Մենք միասին կը պայքարինք` Լիբանանի բարօրութեան համար, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ Լիբանանը կռուախնձորի չվերածելու ուղղութեամբ: Լիբանան չէ հիմնուած իր եղբայր երկիրներուն նկատմամբ թշնամութիւն կատարելու նպատակով», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:
Ան շեշտեց, որ Մար Մարունի տօնին առիթով լիբանանցիները ունին հինգ առաջնահերթութիւններ, որոնք հետեւեալներն են. ա) Երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել, բ) Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով ճշմարտութիւնը յայտարարել, գ) Բարեկարգումները արագացնել եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն գոյացնել, դ) Թաէֆը գործադրել եւ անոր բացթողումները վերատեսութեան ենթարկել, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ին դիմել` Լիբանանի յատուկ խորհրդաժողով մը գումարելու, եւ ե) Լիբանանի արտաքին յարաբերութիւններուն պարագային դրական չէզոքութիւն որդեգրել:


