Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան 1948-էն ի վեր եղած է Իսրայէլի ռմբակոծումին թիրախ երկիր մը:
«Այդ սպառնալիքը միշտ առկայ եղած է, նախքան Դիմադրութեան գոյութիւնը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Դիմադրութեան հրթիռային կարողութիւնը առիթ չի տար թշնամի Իսրայէլին Լիբանանի դէմ պատերազմ մղելու` հաստատելով, որ Դիմադրութեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը զօրացած է:
Ան ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Հըզպալլայի ներկայութիւնը Դիմադրութիւնը պաշտպանելու նպատակով է:
Սուրիոյ մէջ Հըզպալլան թիրախ դարձնող իսրայէլեան ռմբակոծումներուն մասին սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ եթէ այդ ռմբակոծումներուն հետեւանքով Սուրիոյ մէջ Հըզպալլան նահատակներ ունենայ, ապա Դիմադրութիւնը Լիբանանէն պիտի հակադարձէ Իսրայէլին:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ քաղաքական կեանքին մասնակցութիւնը առկախելու որոշումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Հարիրիի որոշումը ցաւալի է` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալի պէս մեծ հոսանք մը կորսնցնելը երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ իր արդիւնքը պիտի ունենայ: «Սիւննի ծայրայեղութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը չափազանցուած են», շեշտեց ան:
Ծովային սահմանագծումին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իրենք այդ հարցին չեն միջամտեր, որովհետեւ իրենց համար Իսրայէլ գոյութիւն չունի, հետեւաբար յանձնառու կը մնան լիբանանեան պետութեան տուած որոշումին:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ Իրան ներքին լիբանանեան հարցերուն կամ երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջամուխ չի դառնար` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան բռնագրաւում չկայ, այլ` Լիբանանը քանդելու ամերիկեան հեղինակութիւն եւ կարողութիւններ:


