Լիբանան – Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն վերսկսելու շրջագիծին մէջ երեքշաբթի, 8 փետրուար 2022-ին, Լիբանան այցելեց ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայնը, որ նախանցեալ օր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատարին ու Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնին հետ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հոքշթայնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, ելեւմուտքի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյրի եւ նախագահի խորհրդականներ Ռաֆիք Շլալայի եւ Ուսամա Խաշշապի:
Հանդիպումին ընթացքին Հոքշթայն ներկայացուց ծովային սահմանագծումին վերաբերեալ Իսրայէլի մէջ իր ունեցած հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները, որոնց հիման վրայ նաեւ ներկայացուց առաջարկներ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց այդ առաջարկները քննարկելու պատրաստակամութիւնը` մեկնելով այս թղթածրարին գծով լուծումներու յանգելու Լիբանանի կամքէն:
Հաստատուեցաւ, որ ամերիկեան կողմին հետ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին` այս նպատակը իրականացնելու համար:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ վրայով Եգիպտոսէն եւ Յորդանանէն կազ ու ելեկտրականութիւն Լիբանան փոխադրելու Ուաշինկթընի ջանքերը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց ամերիկացի միջնորդը, որուն հետ քննարկեց ծովային սահմանագծումի թղթածրարին մանրամասնութիւնները` շեշտելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին ընդունեց Հոքշթայնը եւ Շիան, որոնցմէ իմացաւ նոր առաջարկներուն մանրամասնութիւնները եւ խոստացաւ այդ մասին խորհրդակցութիւններ ունենալ նախագահ Աունի ու Պըրրիի հետ, որպէսզի լիբանանեան միացեալ կեցուածքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ:
Հոքշթայն այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Զօր. Աուն հաստատեց, որ բանակը համաձայն է որեւէ որոշումի, որուն շուրջ լիբանանեան քաղաքական իշխանութիւնները կը համաձայնին:
Հոքշթայն եւ Շիա այցելեցին նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի:
Աւելի ուշ Շիա կատարեց թուիթըրեան գրառում մը, որուն մէջ նշուեցաւ. «Կամենալը կարենալ է. ծովային սահմանագծումին շուրջ համաձայնութիւնը կրնայ ստեղծել առիթ մը, որուն խիստ կարիքը կայ Լիբանանի ապագան բարգաւաճեցնելու համար: Հոքշթայնի եւ զօր. Ժոզեֆ Աունի միջեւ հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ»:
Իր կարգին, Հոքշթայն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կը գտնուին սահմանագծումի թղթածրարին մէջ արձանագրուած որոշ բացերը փակելու փուլին մէջ, որուն հիմամբ կարելի պիտի ըլլայ սահմանագծումի թղթածրարը լուծել:
Ան հաստատեց իր լաւատեսութիւնը եւ վստահութիւնը, որ կարելի պիտի ըլլայ միջին լուծման մը յանգիլ այս թղթածրարին գծով:


