Երէկ կէսօրուան ժամը 12:45-ին, Զուք Մքէյիլի մայրուղիին վրայ գտնուող կազի սիթեռնի մը մէջ հրդեհ բռնկեցաւ:
Հրդեհը հետզհետէ աւելի լայն ծաւալ սկսաւ առնել, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ անիկա հասնի նաեւ մայրուղիին մօտ գտնուող երեք յարկանի շէնքի մը եւ ինքնագնաց ինքնաշարժի մը:
Հրկիզուող սիթեռնը որոշ ժամանակ մը բռնկելէ ետք պայթեցաւ` ցնցելով իր շրջակայքը: Պայթումը պատճառեց նիւթական վնասներ, բայց ոչ մարդկային: