Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6060 վարակուածներ եւ մահացած 20 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 21.150 լ. ոսկիի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ Լեռնալիբանանի մէջ արձանագրուած բոլոր միջադէպերուն հետեւանքները վերացնելու շուրջ:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան օդանաւերուն կողմէ Դամասկոսի դէմ գործուած ռմբակոծումը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց ելեւմտական ապաքինման յստակ ծրագիր մը վաւերացնելու աշխատանքին: Համախմբումը ընդգծեց նաեւ Լիբանանի ծովային սահմանագծումին առումով արդար եւ մնայուն լուծման յանգելու կարեւորութիւնը:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով նախկին օգնական Տէյվիտ Շինքըր յայտնեց, որ շատ դժուար է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը հանրապետութեան նախագահ ընտրել` աւելցնելով, որ լիբանանցի ղեկավարներն ու քաղաքական պատասխանատուները, նախ եւ առաջ Հըզպալլան, Լիբանանը կը զրկեն քանի մը ժամ յաւելեալ ելեկտրական հոսանք ունենալէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Թրիփոլիի եւ Աքքարի մէջ ձերբակալեց 9 լիբանանցիներ եւ 15 սուրիացիներ, որոնք տարբեր յանցանքներով դատապարտուած են դատական իշխանութիւններուն կողմէ: Այդ յանցանքներն են թմրեցուցիչի գործածութիւնը, մաքսանենգումը, կեղծուած դրամի եւ զէնքի գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով առանց փաստաթուղթի մոթորսիքլեթներու գործածութիւնը:

«ԻՆՖՈՐՄԷՅՇԸՆ ինթըրնեշընըլ» վիճակագրական գրասենեակին համաձայն, 2021-ին Լիբանանէն արտագաղթած են 79,134 քաղաքացիներ:

 

 

 

Նախորդը

Չիլի. Յաղթանակ Մը, Որ Ընդմիշտ Պիտի Շրջէ Բռնատէր Փինոշէի Էջը

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Հարիրիի Որոշումը Ցաւալի Է, Իսկ Դիմադրութեան Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգը Զօրացած Է»

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?