ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6954 վարակուածներ եւ մահացած 18 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 21.150 լ. ոսկիի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 600 լ. ոսկիով, մազութը` 3200 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 2800 լ. ոսկիով, այսինքն` 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 370.000 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինը` 359.600 լ. ոսկի, մազութը` 333.600 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 280.300 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելը: Շիա ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն միշտ կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ պահանջուածը կառավարութեան կողմէ պատրաստուելիք շտապ ծրագիր է` ընկերային եւ առողջապահական աղէտը հակակշռելու նպատակով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ 2022-ի պետական ամավարկը բարեկարգչական չէ` իր խոր իմաստով: Ան հաստատեց, որ իրենք պիտի մերժեն որեւէ յաւելում, որ քաղաքացիին կարողութիւնները կը գերադասէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ լիբանանցիներուն խոստացուած դժուար օրերը անխուսափելի են:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա յայտնեց, որ պետական ամավարկի գոյութիւնը շատ աւելի լաւ է, քան չըլլալը: Ան աւելցուց, որ կան որոշ հարցեր, որոնք խիստ մերժելի են, ինչպէս` տուրքերն ու մաքսային տոլարը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենց համար առաջնահերթ հետաքրքրութիւնը ապակեդրոնացեալ դրութիւնն է, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքի մը նախագիծը, որ կարելի եղածին չափ արագ պէտք է վաւերացուի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կայացնելու:
ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ Ուալիտ Ապու Սլէյման յայտնեց, որ խորհրդարան ուղարկուած 2022-ի պետական ամավարկը արմատական եւ կառուցային բարեկարգումներ չի բովանդակեր:
ԻՏԱԼԱԿԱՆ տեղեկատուական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Վատիկանը պատրաստ է լիբանանցիները երկխօսութեան սեղանի մը շուրջ համախմբելու, եթէ այս իմաստով անոնք փափաք յայտնեն: Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալակեր ընդգծեց, որ Վատիկան կը զօրակցի Լիբանանին` լուծելու իր դիմագրաւած տնտեսական եւ քաղաքական վտանգաւոր տագնապը: