Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2022-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծը

February 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Պաապտայի մէջ գումարուած նիստին միակ օրակարգն էր 2022-ի պետական ամավարկի վաւերացումը:

Նախքան նիստին գումարումը, վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ եւ քննարկեց երկրին իրադարձութիւններն ու պետական ամավարկին վերաբերող հարցեր:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց, որ կառավարութեան համար առաջնահերթը պէտք է ըլլայ լիբանանցիներուն ընկերային եւ տնտեսական տագնապին լուծումը` նկատի ունենալով, որ այդ տագնապին պատճառով կը ծանրանայ լիբանանցի քաղաքացիին բեռը:

Նախագահ Աուն շեշտեց լուծումներուն արմատական ըլլալու կարեւորութիւնը` հաստատելով նաեւ, որ պէտք է պայքարիլ սղաճին դէմ, ինչպէս նաեւ ճշդել շահի կարելիութիւնը` որոշուած սակին ընդմէջէն:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն զօրակցութեան ծրագիրները` հատուցման քարտին կամ ընկերային օժանդակութիւններուն առումով, պէտք է շարունակուին, եւ անոնց կողքին քաղաքացիին տրամադրուին բժշկական ծառայութիւն եւ դեղորայք:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց պետական հաստատութիւններուն մէջ աշխատանքը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ պետական պաշտօնեաները պէտք է վերադառնան իրենց աշխատատեղիները:

Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ պետական ամավարկին կցուի նաեւ երկրին ելեւմտական-տնտեսական ապաքինման ծրագիրը:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք վարչապետ Միքաթիի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է ճշդելու համար ելեկտրականութեան տագնապի քննարկման յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման համար յստակ ծրագիր մը եւ անոր գործադրութեան գործիքակազմը կը մշակուին:

Նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտարարեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է 2022-ի պետական ամավարկի նախագիծը` աւելցնելով, որ Լիբանանի պիւտճէական բացը 17 առ հարիւր է: Ան աւելցուց նաեւ, որ կայ 7 հազար միլիառ լ. ոսկիի բաց մը, որ պետական ամավարկի պահ դրուած գումարներուն կը վերաբերի:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ առաջին անգամն է, որ ծախսերն ու նիւթական մուտքերը իրարու այսքան մօտ են` աւելցնելով, որ իրենք ֆինանսաւորելու հարցեր ունին եւ պէտք է Միջազգային դրամական ֆոնտին վաւերացումը ստանան` դիւրացնելու համար ծրագիրներուն ֆինանսաւորումը:

Միքաթի հաստատեց, որ ընկերային մարզին մէջ կառավարութիւնը 400 միլիառ լ. ոսկի յատկացուցած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժածներուն, իսկ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն պիտի յատկացնէ ամսական նիւթական օժանդակութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ իւրաքանչիւր պաշտօնեայ իր ամսական աշխատավարձին կողքին պիտի ստանայ նիւթական օժանդակութիւն մը, ոչ նուազ քան երկու միլիոն լ. ոսկի եւ ոչ առաւել քան 6 միլիոն լ. ոսկի:

Միքաթի նշեց, որ հանգստեան կոչուած զինուորականներուն համար ճշդուած է մէկ յաւելեալ ամսական աշխատավարձի համազօր գումար, սկսեալ այս թուականէն մինչեւ խորհրդարանին կողմէ պետական ամավարկին վաւերացումը:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ մաքսատնային գործառնութիւններու համար ճշդուած ամերիկեան տոլարին սակը պիտի փորձեն համազօր դարձնել Կեդրոնական դրամատան «Սէյրաֆա» հարթակին ճշդած գումարին` աւելցնելով, որ դեղորայքի, ինչպէս նաեւ սննդեղէնի, ներառեալ թէյի եւ սուրճի, վրայ պարտադրուած մաքսատնային յաւելեալ տուրքերը պիտի ջնջուին:

Միքաթի հաստատեց, որ մաքսատնային տոլարին սակը պիտի ճշդուի խորհրդարանին մէջ, իսկ ապրանքներուն սղաճը պիտի տարուբերի 3-5 առ հարիւրի համեմատութեան միջեւ:

Վարչապետ Միքաթի դիտել տուաւ, որ այսուհետեւ կառավարութիւնը կարողութիւն չունի ջուրը, ելեկտրականութիւնը եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը ձրիաբար  շնորհելու: «Այս շատ դժուար ու արտակարգ փուլը պէտք է շրջանցել: Ապաքինման ծրագիրը բնաւ դիւրին չէ, սակայն երկրին տնտեսական կացութիւնը փրկելու ճիգ է», հաստատեց ան:

Վարչապետ Միքաթի նկատել տուաւ, որ 2022-ի պետական ամավարկը անմիջական եւ ուղղակի տուրքեր չի պարտադրեր քաղաքացիներուն վրայ, այլ տուրքեր` ստացուած ծառայութիւններուն համար:

Ելեկտրականութեան մարզին առ հաշիւ գումար շնորհելու պահանջը Միքաթի նմանցուց ծակ դոյլի մը` աւելցնելով, որ ելեկտրականութեան մարզին համար յատուկ նիստ մը պիտի գումարուի:

«Պետական ամավարկին մէջ տուրքերու հարցը սրբագրեցինք ամերիկեան տոլարի սակին հիման վրայ եւ այս իմաստով կ՛ուզենք յանգիլ հաւասարակշռութեան մը», ըսաւ ան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Քննարկելու Հոքշթայնի Ներկայացուցած Առաջարկները

Յաջորդը

«Հայ Երեսփոխանը Ունի Երկու Պաշտօն` Ներկայացնել Լիբանանցիները Եւ Պաշտպանել Լիբանանահայութեան Իրաւունքները» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.