Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուի յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի թելադրանքով Եգիպտոսէն Լիբանանի միջեւ հաստատուած մարդասիրական օժանդակութիւններու կամուրջին շրջագիծին մէջ, երէկ Եգիպտոսի Տըմիաթ նաւահանգիստէն նաւարկեց նաւ մը, որ 487.5 թոն սննդեղէնի եւ դեղորայքի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Լիբանանին:
Ալաուի հաստատեց, որ Եգիպտոսը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ կը մնայ նախագահական մակարդակով Լիբանանին տրուած խոստումին` տագնապալի այս դժուար պահերուն Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն զօրակցելու նպատակով: