Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Պըրրի նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին հարցերը:
Պլոքը հաստատեց իր մերժումը` 2022-ի պետական ամավարկի վաւերացման ձեւին, հաստատելով, որ ամավարկը պէտք չէ տուրքեր ընդգրկէ:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած ժամկէտին կատարելու` աւելցնելով, որ իրեն համար ընդունելի չէ ընտրութիւններուն յետաձգումը: