Լիբանանեան

Թեհրանի Մէջ.   «Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանանի Մէջ  Ելեկտրականութեան Տագնապին  Արմատական Լուծումը Ուշանայ»  Շեշտեց Մ. Մուրթատա

Թեհրանի Մէջ. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանանի Մէջ Ելեկտրականութեան Տագնապին Արմատական Լուծումը Ուշանայ» Շեշտեց Մ. Մուրթատա

Մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատա երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Թեհրան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպար Մեհրապեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ելեկտրականութեան տագնապին կապուած խնդիրներ, որոնց շարքին` այդ մարզին բարելաւման համար ծախսուած տասնեակ միլիառաւոր տոլարները, որոնք դժբախտաբար ոչ մէկ լուծում տրամադրեցին տագնապին լուծման, այլ` ուժանիւթի մարզը վերածեցին փտածութեան բոյնի մը: Նախարարներ Մուրթատա եւ Մեհրապեան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 68 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 27.150 լ. ոսկիի: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ հինգշաբթի, 12 մայիս 2022-էն մինչեւ երկուշաբթի, 16 մայիս պետական բոլոր դպրոցներն ու արհեստից հիմնարկները...

2022-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Արտերկրի Լիբանանցիներուն Մասնակցութեան  Համեմատութիւնը Հասաւ 60 Առ Հարիւրի

2022-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Արտերկրի Լիբանանցիներուն Մասնակցութեան Համեմատութիւնը Հասաւ 60 Առ Հարիւրի

Երէկ առաւօտեան աւարտեցաւ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան երկրորդ փուլը, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ նոյնպէս փակուեցան քուէատուփերը, ինչպէս յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու տնօրէն Հատի Հաշեմ: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հաշեմ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասաւ 60 առ հարիւրի` զայն գնահատելով իբրեւ շատ լաւ համեմատութիւն: Հաշեմ նշեց, որ արտերկրի...

Սէյիտ Նասրալլա. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Ժողովուրդին  Կանգնելու Դիմադրութեան  Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Կողքին»

Սէյիտ Նասրալլա. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Ժողովուրդին Կանգնելու Դիմադրութեան Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Կողքին»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած ճառ մը արտասանեց Հըզպալլայի կազմակերպած ընտրական միթինկին, որ տեղի ունեցաւ Նապաթիէի եւ Սուրի մէջ: Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ լիբանանցիներուն դիմագրաւած հիմնական տագնապները տնտեսական են եւ ընկերային` աւելցնելով, որ փտածութեան դէմ պայքարը անխուսափելի է: «Հակառակ լիբանանցիներուն դիմագրաւած այս տագնապներուն, քաղաքական կարգ մը ուժեր Դիմադրութեան զէնքը վերածած են ընտրապայքարի խորագիրի` առանց անդրադառնալու ժողովուրդին...

Պրիւքսելի Մէջ.  «Լիբանանի Վիճակը Պիտի Վատթարանայ,  Եթէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն  Տունդարձը Չապահովուի»  Շեշտեց Պու Հապիպ

Պրիւքսելի Մէջ. «Լիբանանի Վիճակը Պիտի Վատթարանայ, Եթէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Չապահովուի» Շեշտեց Պու Հապիպ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ մեկնեցաւ Պրիւսքել` նախագահելով Լիբանանի պատուիրակութեան, որ կը մասնակցի Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային զօրակցելու խորհրդաժողովին: Պու Հապիպ, որ խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը, «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ շատ վատ կացութիւն` աւելցնելով, որ երկրին վիճակը պիտի վատթարանայ, եթէ սուրիացի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 36 վարակուածներ եւ մահացած 1 հոգի: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը բարձրացաւ 27.000 լ. ոսկիի: ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը պաշտօնապէս յետաձգուած է` առողջական պատճառներով: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ...

Արտերկրի Լիբանանցիները Մեծ Աշխուժութեամբ  Մասնակցեցան Լիբանանի  Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Արտերկրի Լիբանանցիները Մեծ Աշխուժութեամբ Մասնակցեցան Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Անցնող շաբաթավերջը Լիբանանին համար եղաւ եռուն` արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան առումով: Արտերկրի լիբանանցիները իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ փաստեցին իրենց կապուածութիւնը Լիբանանին` նկատի ունենալով քուէարկելու իրենց խանդավառութիւնն ու անոր հիմամբ արձանագրուած համեմատութիւնը: 6 եւ 8 մայիսին 5 ցամաքամասերու վրայ գտնուող օտար երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն կարելի եղաւ հետեւիլ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիէն: Գումակային աշխատանքներն ու դասաւորումները որդեգրած նախարարութիւնը...

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Դատապարտեցին  Սինայի Մէջ Գործուած Ահաբեկչութիւնը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Դատապարտեցին Սինայի Մէջ Գործուած Ահաբեկչութիւնը

Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերը երէկ խստիւ դատապարտեցին Արեւմտեան Սինայի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական գործողութիւնը, որ թիրախ դարձուցած էր եգիպտական բանակին դիրքերէն մէկը: Նախագահ Աուն զօրակցական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին եւ Լիբանանի ու լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը յայտնեց անոր: Նախագահ Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան գործողութեան պատճառով ինկած զոհերուն հարազատներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում` վիրաւորներուն: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին զօրակցութիւն...

Իսրայէլեան Բանակի Պատմութեան Մէջ  Մեծագոյն Ռազմափորձը` «Կրակէ Զրահապատներ»

Իսրայէլեան Բանակի Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Ռազմափորձը` «Կրակէ Զրահապատներ»

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը առաջարկած է չնախաձեռնել Կազայի ուղղութեամբ զինուորական գործողութեան: Փոխարէնը բանակը պիտի սկսի իր պատմութեան մեծագոյն ռազմափորձին, որ կը կրէ «Կրակէ զրահապատներ» խորագիրը: Զինուորական լրագրող մը իսրայէլեան «Ուալլա» գործակալութեան յայտնեց, որ անցեալ տարուընէ յետաձգուած ընդհանուր սպայակոյտի ռազմափորձը պիտի սկսի այսօր: Իսրայէլեան բանակը այս ռազմափորձը կը կազմակերպէ այնպիսի պահու մը, երբ լարուածութիւնը կ՛աւելնայ պաղեստինեան հողերուն վրայ, ինչպէս...

Մամլոյ Արձակուրդ

Լիբանանի Նահատակաց օրուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 7 մայիս 2022-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 9 մայիս 2022-ին:  

Վարչապետն Ու Ներքին Գործոց Նախարարը  Կը Հաստատեն, Որ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Յաջողութեամբ Պիտի Կատարուին

Վարչապետն Ու Ներքին Գործոց Նախարարը Կը Հաստատեն, Որ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Յաջողութեամբ Պիտի Կատարուին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 40 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին ինք հանգիստ կը զգայ կառավարութեան մէջ տիրող մթնոլորտին նկատմամբ` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը մէկ ընտանիքի նման կը գործակցի իրարու հետ: Միքաթի հաստատեց, որ երկրին մէջ կառավարութեան նկատմամբ ժխտական տրամադրութիւն մը ստեղծելու միտում գոյութիւն ունի` աւելցնելով,...

ՀՅ Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի  Լիբանանահայ Քուէարկողներուն

ՀՅ Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ արտերկրի լիբանանահայ քուէարկողներուն ուղղեց ՀՅ Դաշնակցութեան հետեւեալ կոչը. «Արտերկրի սիրելի՛ լիբանանահայեր, Սիրելի՛ լիբանանցիներ, որոնք ուր որ ալ գտնուիք, Լիբանանը եւ Լիբանանի հայութիւնը ձեր սրտին մէջ պահեցիք եւ կը շարունակէք պահել: Պուրճ Համուտէն կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի, բոլորիդ անխտիր, որ ուրբաթ, 6 մայիսին եւ կիրակի, 8 մայիսին, ձեր գտնուած...

Մաուլաուի Ստորագրեց Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի Կոչելու Հրամանագիրը

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Վաղը Կը Դառնան Իրականութիւն

Տակաւին կասկածներ ունեցող քաղաքացիներուն համար, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները արդէն իսկ իրականութիւն կը դառնան վաղը` ուրբաթ, 6 մայիս 2022-ին, երբ արտերկրի լիբանանցիները` ընդհանրապէս արաբական երկիրներուն եւ այն երկիրներուն մէջ, ուր ուրբաթը արձակուրդի օր է, կը սկսին քուէարկութեան, իսկ կիրակի օր քուէարկութիւնն ու ընտրութեան հոլովոյթը կը շարունակուի Եւրոպայի, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Մինչեւ յաջորդ կիրակին` 15 մայիս 2022-ը, այսինքն` յառաջիկայ...

Ֆիթրի Տօնին Առիթով.   Հանրապետութեան Միւֆթին Կը Զգուշացնէ  Քուէարկութեան Չմասնակցելէ

Ֆիթրի Տօնին Առիթով. Հանրապետութեան Միւֆթին Կը Զգուշացնէ Քուէարկութեան Չմասնակցելէ

Ֆիթրի տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորութիւններ ուղղեց լիբանանցիներուն` մաղթելով, որ Աստուած բարի կամեցողութիւն ունեցող պատասխանատուները համախմբէ Լիբանանի գերագոյն շահերուն շուրջ, որպէսզի Լիբանանը ապահով ափ հասցնելու նպատակը կարելի ըլլայ իրականացնել: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլորին, որ Ֆիթրի տօնը ըլլայ առիթ մը` անձնական շահերը գերազանցելու եւ փափաքներ ու ազգային ձգտումներ իրականացնելու, որպէսզի կարենանք վերականգնել մեր հայրենիքը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ...

Ուաշինկթընի Մէջ.   «Բարեկարգումները Չգործադրելու Պարագային  Լիբանանի Կացութիւնը Աւելի Եւս Պիտի Վատթարանայ»   Շեշտեց Շամի

Ուաշինկթընի Մէջ. «Բարեկարգումները Չգործադրելու Պարագային Լիբանանի Կացութիւնը Աւելի Եւս Պիտի Վատթարանայ» Շեշտեց Շամի

Փոխվարչապետ Սաատէ Շամի անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն, որոնց լոյսին տակ հաստատեց, որ միջազգային կազմակերպութիւններն ու կառոյցները պատրաստ են ամէն տեսակ յանձնառութեան, որպէսզի Լիբանանի հետ Միջազգային դրամական ֆոնտին գոյացուցած սկզբունքային համաձայնութիւնը վերածուի վերջնական համաձայնութեան: Շամի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու Լիբանանին` զայն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 86 վարակուածներ եւ մահացած 1 հոգի: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 26.850 լ. ոսկիի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն 1 մայիսի Աշխատաւորաց տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցի աշխատաւորները` վերահաստատելով իր կատարած այն երդումը, որ աշխատանքը պիտի շարունակէ ծառայութիւններու վրայ հիմնուած Լիբանանի տնտեսութիւնը վերածելու արդիւնաբերութեան վրայ...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Աշխատաւորներուն տօնին, ինչպէս նաեւ Ֆիթրի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 2, երեքշաբթի, 3 եւ չորեքշաբթի, 4 մայիս 2022-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 5 մայիս 2022-ին:  

Պաշտպանութեան Գերագոյն  Խորհուրդը Քննեց  Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Նախապատրաստութիւնները

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Քննեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախապատրաստութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն ապահովական նախապատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր: Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ, արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին...

Մայիս Ամսուան Ընթացքին Բանակը Գրաւեց  570 Քկ Թմրեցուցիչ, 142 Զէնքեր Ու  Ձերբակալեց 686 Յանցագործներ

Թրիփոլիի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Քաղաքացիներ, Որոնք Ապօրինի Կերպով Փախուստ Կազմակերպած Էին

Մինչ բանակը կը շարունակէ անցեալ շաբաթավերջին ծովամոյն դարձած նաւէն անյայտ կորսուած քաղաքացիներուն դիակները փնտռելու աշխատանքը, ծովէն ապօրինի կերպով փախուստ տալու արարքները կը շարունակուին: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Թրիփոլիի մէջ ձերբակալած է հինգ քաղաքացիներ, որոնք կը փորձէին նաւով ապօրինի կերպով Լիբանանէն փախուստը ապահովել 85 այլ քաղաքացիներու: Բանակին հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ այդ...

Ապտոլլահեան. «Լիբանանին Յաջողութիւն  Կը Մաղթենք` Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Առիթով»

Ապտոլլահեան. «Լիբանանին Յաջողութիւն Կը Մաղթենք` Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Առիթով»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ, որուն հետ քննարկեց «Երուսաղէմի օր»-ուան վերաբերող հարցեր: Ապտոլլահեան Լիբանանին յաջողութիւն մաղթեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն առիթով եւ հաստատեց Իրանի պատրաստակամութիւնը Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ բարելաւելու: Ապտոլլահեան բարձր գնահատեց այն հանգամանքը, որ Լիբանանի մէջ ժողովուրդը, Դիմադրութիւնը եւ բանակը կը դիմադրեն իսրայէլեան բռնագրաւումին` ընդգծելով...

Page 343 of 988 1 … 342 343 344 … 988

Արխիւներ