Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 86 վարակուածներ եւ մահացած 1 հոգի:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 26.850 լ. ոսկիի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն 1 մայիսի Աշխատաւորաց տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցի աշխատաւորները` վերահաստատելով իր կատարած այն երդումը, որ աշխատանքը պիտի շարունակէ ծառայութիւններու վրայ հիմնուած Լիբանանի տնտեսութիւնը վերածելու արդիւնաբերութեան վրայ հիմնուած տնտեսութեան:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Մսայլեհի մէջ անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն պատասխանատուները, որոնց հետ քննարկեց անոնց պահանջները: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ կարգ մը նախարարներու հետ` հաստատելով, որ ուսուցիչներուն արդար իրաւունքը պէտք է հատուցուի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը տակաւին բանակցութիւններ կը կատարէ եգիպտական կազը Լիբանան փոխադրելու ֆինանսաւորումին մասին: Ան նշեց, որ այդ բանակցութիւններուն մէկ կարեւոր մասը կը վերաբերի այս ֆինանսաւորումին ունենալիք քաղաքական օգտակարութեան: «Մեզի համար կարեւոր է, որ այդ համաձայնութիւնը վայրկեան առաջ գործադրուի», նշեց Ֆայեատ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հարիսայի մէջ բացումը յայտարարեց Ս. Մարիամ Աստուածածնայ ամսուան նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններուն: Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն թղթածրարին հետ սովորական հարցի մը նման պէտք չէ վարուիլ: Ան հաստատեց նաեւ, որ դրամատուներուն մէջ լիբանանցիներուն ունեցած հաշիւներուն հարցը կարելի չէ անխուսափելի ճակատագիր մը նկատել:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս շեշտեց, որ չկայ երկրին փլուզումը կասեցնող արմատական լուծում մը` բացի դէպի քուէտաուփ ուղղուելէ եւ պարկեշտ անձնաւորութիւններուն ի նպաստ քուէարկելէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ 17 հոկտեմբերի շարժումը արգիլեց գործադրութիւնը Պըսրիի ամբարտակին, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար հարաւային Լիբանանին, Շուֆին եւ Պէյրութին ջուր ապահովել: Ան ընդգծեց նաեւ, որ Միջազգային դրամատունը պէտք է պահանջէ այն գումարները, որոնք տրամադրուած էին այդ ամբարտակին շինութեան համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ իբրեւ քաղաքական վարչակարգ Թաէֆի համաձայնագիրը ձախողած է Լիբանանի մէջ: Ան աւելցուց նաեւ, որ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ Լիբանանի մէջ երկուութիւն գոյութիւն ունի` Իսրայէլի թշնամի ըլլալուն առումով:

«ՕԺԵՐՕ»-Ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէ յայտնեց, որ Լիբանան ենթակայ է հաղորդակցութեան եւ համացանցի մարզերու քայքայումին` աւելցնելով, որ «Օժերօ»-ի մէջ աւազակութեան չափը հասած է 3 միլիոն տոլարի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ետին կը գտնուին, իսկ ժողովուրդին իրաւունքները իրենց դիմաց կը գտնուին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով յայտնեց, որ տասնեակ տարիներու ընթացքին իրենց արձանագրած նուաճումներուն կողքին նաեւ յաղթանակ պիտի արձանագրեն 15 մայիսին»:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին յայտնեց, որ պիտի արգիլուի որեւէ օրէնք կամ օրինագիծ, որ կը միտի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները չեղեալ նկատել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ հարցերուն լուծումը կարիք ունի գործնական ծրագիրներու եւ ոչ թէ ընտրական կարգախօսներու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները տեսախցիկներուն դիմաց յոխորտալով կարելի չէ վերադարձնել, այլ` օրէնսդրութեամբ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` պահանջելով Տահր Պայտարի միջազգային ճամբան նորոգել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի հաստատեց, որ Ռիատ նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի լիբանանցիներուն` մերժելով մութ ուժերու կողմէ երկրին քաղաքական կեանքին խոչընդոտումը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կարենան գծել նախագահական ընտրութիւններուն իսկական պատկերը` աւելցնելով, որ իրեն համար հանրապետութեան հզօր նախագահը ան է, որ կրնայ հասկնալ բոլորը եւ հասկցուիլ բոլորին հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Ժեզզինէն յայտնեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացարձակ փտածութեան կեդրոն է` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը սուտասաններու հաւաքածոյ մըն է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութիւնը Լիբանանի համար աղէտաբեր եղած է` աւելցնելով, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը կը ճշդուի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ: Ան ընդգծեց, որ իրեն համար կարեւորը այն է, որ լիբանանցի հանրապետութեան նախագահ մը ընտրուի եւ ոչ թէ նախագահ մը, որ Սուրիոյ եւ Իրանի խրտուիլակն է: «Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին մեզի դէմ սուրիական-իրանեան դերակատարութիւն գոյութիւն ունի», շեշտեց Ժոմպլաթ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ Պեքաայէն դէպի միւս շրջանները թմրեցուցիչ փոխադրող ամէնէն վտանգաւոր յանցագործներէն մէկը, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչի այլ մաքսանենգներ ու թմրամոլներ ձերբակալուած են: Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Մընիէի մէջ ձերբակալուած են երկու անձեր, որոնք ծովու ճամբով եւ անապահով նաւով մը 23 սուրիացի քաղաքացիներ ապօրինի կերպով պիտի փոխադրէին Կիպրոս: 23 սուրիացիներէն իւրաքանչիւրը 3000 տոլար վճարած էր Կիպրոս հասնելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

«Հայը Չի Կրնար Ապերախտ Ըլլալ. Վստահ Եմ` Այս Անգամ Ալ Պիտի Անտեսէք Նիւթական Կաշառքները Եւ Խիղճով Քուէարկէք» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ. «Բարեկարգումները Չգործադրելու Պարագային Լիբանանի Կացութիւնը Աւելի Եւս Պիտի Վատթարանայ» Շեշտեց Շամի

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?