Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Ժողովուրդին Կանգնելու Դիմադրութեան Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Կողքին»

May 10, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած ճառ մը արտասանեց Հըզպալլայի կազմակերպած ընտրական միթինկին, որ տեղի ունեցաւ Նապաթիէի եւ Սուրի մէջ:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ լիբանանցիներուն դիմագրաւած հիմնական տագնապները տնտեսական են եւ ընկերային` աւելցնելով, որ փտածութեան դէմ պայքարը անխուսափելի է:

«Հակառակ լիբանանցիներուն դիմագրաւած այս տագնապներուն, քաղաքական կարգ մը ուժեր Դիմադրութեան զէնքը վերածած են ընտրապայքարի խորագիրի` առանց անդրադառնալու ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապներուն», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ լիբանանցիները պէտք է իմանան, որ Հըզպալլայի ապազինման մասին կոչ ուղղողը կ՛անտեսէ հարաւային Լիբանանի ապրած արհաւիրքը եւ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն տառապանքը` սիոնական գոյացութեան լուծին տակ:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ինք եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին տակաւին կը հետեւին իմամ Մուսա Սատըրի ուղիին, այսինքն` ինքնապաշտպանութեան եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան:

«Իմամ Մուսա Սատըր Քորանի ընթերցումին համահաւասար կարեւոր կը նկատէր նաեւ զէնքի գործածութիւնը, հետեւաբար ո՛վ որ Հըզպալլայի զինաթափումը կը պահանջէ, պէտք է հասկնայ, որ անոր պահանջը ի զուր է», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց ժողովուրդին` կանգնելու Դիմադրութեան եւ անոր դաշնակիցներուն կողքին: «Մենք 15 մայիսին պէտք է քաղաքական դիմադրութիւն գործադրենք` պահպանելու համար զինուորական Դիմադրութիւնը», շեշտեց ան:

Ան հաստատեց նաեւ, որ Հըզպալլա կազմ ու պատրաստ կը հսկէ Լիբանանի սահմաններուն եւ երկրին ապահովութեան` Իսրայէլի յայտարարած լայնածաւալ ռազմափորձին զուգահեռ:

Նախորդը

Պրիւքսելի Մէջ. «Լիբանանի Վիճակը Պիտի Վատթարանայ, Եթէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Չապահովուի» Շեշտեց Պու Հապիպ

Յաջորդը

Նահատակաց Օրուան Առիթով Յ. Բագրատունիի Գրառումը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.