Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ մեկնեցաւ Պրիւսքել` նախագահելով Լիբանանի պատուիրակութեան, որ կը մասնակցի Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային զօրակցելու խորհրդաժողովին:
Պու Հապիպ, որ խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը, «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ շատ վատ կացութիւն` աւելցնելով, որ երկրին վիճակը պիտի վատթարանայ, եթէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը չապահովուի, յատկապէս նկատի ունենալով, որ օժանդակութիւնները նուազած են:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանան պէտք է Սուրիոյ կառավարութեան հետ բանակցի, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը քննարկուի:
Կը նախատեսուէր, որ Պու Հապիպ հանդիպումներ ունենար նաեւ խորհրդաժողովին մասնակցող օտար երկիրներու պատասխանատուներուն հետ:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար, Պրիւքսելի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Հաժ Ալի, դիւանագէտ Եուսեֆ Ժապըր եւ Հաժժարի խորհրդատու Ուլա Պութրոս: