ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 36 վարակուածներ եւ մահացած 1 հոգի:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը բարձրացաւ 27.000 լ. ոսկիի:
ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը պաշտօնապէս յետաձգուած է` առողջական պատճառներով:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի դիմաց այլ լուծում մը չկայ, բացի Միջազգային դրամական ֆոնտին դիմելէ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի նոր ընտրուելիք խորհրդարանը կը գտնուի բարեկարգումի օրէնքները վաւերացնելու պատասխանատուութեան դիմաց: «Իսկ բարեկարգումի առնչուած օրինագիծերուն բարեփոխումը Լիբանանը դժուար կացութեան պիտի մատնէ», ընդգծեց Սալամ: Միւս կողմէ, Սալամ յայտնեց, որ Միջազգային դրամատունը վաւերացուցած է Լիբանանին 150 միլիոն տոլար արժողութեամբ անմիջական վարկ տրամադրելու պահանջը, որպէսզի ան կարենայ ցորեն ապահովել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ կատարուելիք զիջումները անհրաժեշտութիւն կը նկատուին, իսկ անոնց մերժումը կրնայ յանգիլ Լիբանանի համար ոսկեայ առիթները կորսնցնելու:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութեան համակիրները 15 մայիսին պիտի փաստեն, որ իրենք կը զօրակցին Դիմադրութեան` աւելցնելով, որ անընդունելի է իրենց համար Լիբանանի ճակատագիրը անոր թշնամիներուն մօտ գերութեան մէջ պահել: