ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 68 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 27.150 լ. ոսկիի:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ հինգշաբթի, 12 մայիս 2022-էն մինչեւ երկուշաբթի, 16 մայիս պետական բոլոր դպրոցներն ու արհեստից հիմնարկները փակ պիտի մնան` նկատի ունենալով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու նպատակով դպրոցները պիտի օգտագործուին իբրեւ ընտրական կեդրոններ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ չորեքշաբթի, 25 մայիս 2022-ին լիբանանեան պետական հաստատութիւնները, քաղաքապետարանները, դպրոցներն ու համալսարանները փակ կը մնան` Դիմադրութեան եւ ազատագրումի տօնին առիթով: Շրջաբերականին մէջ նշուած է նաեւ, որ հինգշաբթի, 26 մայիս 2022-ին բոլոր դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ հիմնարկներուն մէջ առաջին դասապահը կը յատկացուի ազգային այս տօնին կարեւորութեան բացատրութեան:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 23.000 լ. ոսկիով, մազութը` 10.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է կայուն: Հետեւաբար 98 օքթան պենզինին սակն է 518.000 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինը` 507.000 լ. ոսկի, մազութը` 599.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի շիշը` 359.000 լ. ոսկի:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերէն հանգստեան կոչուած տասնեակ զինուորականներ երէկ խուժեցին ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի կողմէ զանոնք ընդունելու իմաստով ցուցաբերուած վարանումին պատճառով:
Հանգստեան կոչուած ոստիկանները փակեցին դէպի ներքին գործոց նախարարութիւն տանող ճամբաները` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում: Անոնք պահանջեցին իրենց իրաւունքները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Ֆըրզոլ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Միշել Տահերի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Պուխարի ընդգծեց Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ համաձայնագիրներն ու ծրագիրները երեսփոխաններուն կողմէ խորհրդարան հասցնելու կարեւորութիւնը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ տրուած ցուցմունքով մը իսլամական վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակած է շրջաբերական մը, որուն համաձայն` ուրբաթ օրուան նամազին կոչ պիտի ուղղուի քաղաքացիներուն խուռներամ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն` պահպանելու համար Լիբանանը, լիբանանցիներուն ապագան, երկրին արաբականութիւնը, պետութիւնն ու պետական հաստատութիւնները:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ Նուր հրապարակին վրայ երէկ զետեղուեցան պաստառներ, որոնք կը կրեն նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի լուսանկարը, եւ անոր կողքին հետեւեալ գրութիւնը. «Մի՛ արտօնէք, որ զիս անգամ մը եւս սպաննեն»:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկան որոշեց Լիբանան գործուղել դէտերու պատուիրակութիւն մը` հսկելու համար կիրակի, 15 մայիս 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին: Արաբական լիկայի պատուիրակութեան պիտի նախագահէ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական, դեսպան Ահմետ Ռաշիտ Խիթապի:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Տահր Պայտարի միջազգային մայրուղիին խոցելի իրավիճակը հասած է իր աւարտին: Ան հաստատեց, որ Հազմիէ-Շթորա-Տահր Պայտար միջազգային մայրուղիի վերանորոգութեան աշխատանքները սկսած են: