Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Քննեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախապատրաստութիւնները

Ապրիլ 30, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն ապահովական նախապատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:

Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ, արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ, արդարութեան նախարար Հանրի Խուրի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ- զօրավար Իմատ Օսման, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Մուսթաֆա, ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ, Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Ֆատի Աքիքի, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, հանրապետութեան նախագահի զինուորական եւ ապահովական հարցերու խորհրդատու Պուլոս Մաթար, բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Թոնի Քահուաժի, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ, Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի նախագահ դատախազ Նետիմ Ապտել Մալաք, Քաղաքացիական մատենավարութեան ընդհանուր տնօրէն Էլիաս Խուրի, Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Մարուան Ապպուտ, Լեռնալիբանանի նահանգապետ դատախազ Մոհամետ Մաքքաուի, Հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ դատախազ Ռամզի Նոհրա, Հարաւային Լիբանանի նահանգապետ դատախազ Մանսուր Տաու, Պեքաայի նահանգապետ դատախազ Քամալ Ապու Ժաուտէ, Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր, Աքքարի նահանգապետ  Իմատ Լապաքի, Նապաթիէի նահանգապետի գործավար Հասան Ֆաքիհ:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց ապահովական եւ վարչական հարցերը համադրելու անհրաժեշտութիւնը` առանց որեւէ հարցի եւ հեզասահութեամբ կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց որդեգրելու տեղեկատուական հիմնական ձեւեր` անդրադառնալու համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց օտար դէտերուն եւ  Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդին հետ գործակցիլը:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի շեշտեց լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններու արժանապատուութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` երաշխաւորելու համար քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

«Մենք կը զօրակցինք մարդկային իրաւունքներուն, միտքի ազատութեան, սակայն օրէնքի որեւէ խախտում կրնայ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ: Պէտք է մենք մեզի ամուր պահենք եւ պետութիւնը պաշտպանենք, որպէսզի երկիրը դէպի անդունդ գլորելու բոլոր փորձերը արգիլած ըլլանք», շեշտեց վարչապետ Միքաթի:

Նիստին ընթացքին ապահովական կառոյցներու պատասխանատուները հաստատեցին, որ իրենք կազմ ու պատրաստ են երկրին ապահովութիւնը խախտելու որեւէ փորձ հակակշիռի տակ առնելու:

Բանակի հրամանատարը ընդգծեց, որ բանակը պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկելու, ինչպէս նաեւ ապահովական բոլոր կառոյցներուն հետ գործակցելու, որպէսզի կացութիւնը հակակշիռի տակ մնայ:

Ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի շեշտեց, որ բոլորը ականատես պիտի ըլլան, որ Լիբանան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ բացառիկ կերպով պիտի կազմակերպէ երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ հաստատեց, որ Մաուլաուիի եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է ընտրական կեդրոններուն 14 ժամ ելեկտրական հոսանք հայթայթելու` 5-16 մայիս 2022:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ շեշտեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ 380 միլիառ լ. ոսկի գոյացնելու` նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը:

Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Մուսթաֆա յայտնեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին գործակցութեան եւ ջանքերը համադրելու կոչ ուղղուած է պետական բոլոր վարչութիւններուն` յաջողցնելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ թելադրուած է ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել եւ աշխուժացնել` կազմակերպելու համար ընտրութիւնները:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հաստատեց նաեւ Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` ընտրական օրէնքին համաձայն:

Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան մէջ կազմել գործողութեան յատուկ անձնակազմ մը` ամէն իմաստով հետեւելու համար ընտրական աշխատանքին:

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Հսկող Խորհուրդը Ճշդեց Ընտրութիւններուն Վերաբերող Լռութեան Օրերը

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդը երէկ ճշդեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող լռութեան օրերը, որոնք կը զուգադիպին ընտրութեան նախավերջին օրուան առաջին ժամերուն:

Լռութեան օրերուն ընթացքին բոլոր լրատուամիջոցները ստիպուած են քարոզչութիւնը կասեցնել, ինչպէս նաեւ ընտրական բոլոր ծանուցումներուն վերջ տալ:

Լռութեան առաջին օրը կը սկսի չորեքշաբթի, 4 մայիս 2022-ի կէս գիշերէն ետք` նկատի ունենալով, որ 6 մայիսը երեսփոխանական ընտրութիւններու օր է` այն երկիրներուն մէջ, ուր շաբթուան արձակուրդը կը զուգադիպի ուրբաթ օրուան:

Լռութեան երկրորդ օրը կը սկսի ուրբաթ, 6 մայիս 2022-ին, կէս գիշերէն ետք` նկատի ունենալով, որ 8 մայիսը երեսփոխանական ընտրութիւններու օր է` այն երկիրներուն մէջ, ուր շաբթուան արձակուրդը կը զուգադիպի կիրակի օրուան:

Իսկ լռութեան երրորդ օրը կը սկսի ուրբաթ, 13 մայիս 2022-ին, կէս գիշերէն ետք` նկատի ունենալով, որ 15 մայիսը Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու օրն է:

Նշենք, որ լռութեան օրուան տեւողութիւնը կ՛երկարի մինչեւ ընտրութեան աւարտը, այլ խօսքով` քուէատուփերուն փակումը:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր լրատուամիջոցներուն եւ քաղաքական ուժերուն` կառչած մնալու այս միջոցառումներուն:

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց շրջաբերական մը, որ կը նշէ, թէ նախարարութեան դռները բացառաբար բաց պիտի մնան երեքշաբթի, 3 եւ չորեքշաբթի, 4 մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00:

Այս որոշումը տրուած է արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան հոլովոյթին կապուած գործառնութիւնները դիւրացնելու, յատկապէս` նախարարութեան կողմէ փաստաթուղթեր վաւերացնելու իմաստով:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ ինք նախագահած է «Օժերօ»-ի, «Ալֆա»-ի եւ «Թաչ»-ի պատասխանատու խորհուրդներու պատասխանատուներուն նիստին` ապահովելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններու օրուան` 15 մայիս 2022-ին հաղորդակցութեան միջոցներու լաւ ծառայութեան հեռանկարները:

Քըրըմ իր ցուցմունքները տուաւ բոլորին հաղորդակցութեան կեդրոններուն համար բաւարար վառելանիւթ ապահովելու եւ ցանցի նորոգութեան կարիքին պարագային կազմ ու պատրաստ անձնակազմ ունենալու, որպէսզի կարելի ըլլայ հարցերը արագօրէն լուծել:

 

 

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Քաղաքացիներ, Որոնք Ապօրինի Կերպով Փախուստ Կազմակերպած Էին

Յաջորդը

Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները 13 Մայիսին Պիտի Հանդիպին Տուշանպէի Մէջ

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?