Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2022-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Արտերկրի Լիբանանցիներուն Մասնակցութեան Համեմատութիւնը Հասաւ 60 Առ Հարիւրի

May 10, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան աւարտեցաւ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան երկրորդ փուլը, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ նոյնպէս փակուեցան քուէատուփերը, ինչպէս յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու տնօրէն Հատի Հաշեմ:

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հաշեմ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասաւ 60 առ հարիւրի` զայն գնահատելով իբրեւ շատ լաւ համեմատութիւն:

Հաշեմ նշեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան մասնակցութեան բարձրագոյն համեմատութիւնը արձանագրուեցաւ Սուրիոյ մէջ, ուր հասաւ 84 առ հարիւրի, իսկ ամէնէն նուազ համեմատութիւնը արձանագրուեցաւ Իրաքի մէջ:

Հաշեմ նշեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն կատարած ընտրութիւնները Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ կը նկատուին գումակային մեծագոյն իրադարձութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը շարունակեն Պէյրութ փոխադրուող քուէատուփերը ստանձնելու աշխատանքը:

Հաշեմ ընդգծեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ դրած է ապահովելու համար ընտրութիւններուն թափանցիկութիւնը, ինչպէս նաեւ լուծելու համար ստեղծուած հարցերը, «եւ այս մասին դրուատիքով անդրադարձան քաղաքական կուսակցութիւնները, Եւրոպական Միութիւնն ու միջազգային դէտերը», ըսաւ ան:

Հաշեմ նշեց, որ ընտրութիւններուն ընթացքին ծագած հարցերուն մեծ մասին պատճառը ընտրական օրէնքը լաւապէս չընկալելն է կամ առաջին անգամ երեսփոխանական ընտրութեան մասնակցութիւնը:

Հաշեմ նշեց, որ Լիբանան հասած քուէատուփերէն մէկուն պարագային կայ հատ մը, որ 20 սմ բացուածք ունի` աւելցնելով, որ այդ հարցը կը գտնուի դատական իշխանութիւններուն տրամադրութեան տակ:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթլի յայտնեց, որ իրենք կը հետեւին քուէատուփերուն փոխադրութեան ուղիին` «Տի. Էյչ. Էլ.»-ի ճամբով:

Ան շեշտեց, որ նախարարութիւնը յանձնառու է այդ քուէատուփերը յանձնելու ներքին գործոց նախարարութեան եւ զանոնք զետեղելու Կեդրոնական դրամատան մէջ:

Շմայթլի յայտնեց, որ նախարարութեան վրայ զետեղուած պատասխանատուութեան բեռը հսկայական էր, իսկ արձանագրուածը նուաճում է Լիբանանի համար:

Շմայթլի ընդգծեց, որ ընտրութիւններուն հսկող ամէնէն նախանձախնդիր տարրերը Լիբանանեան համալսարանի ուսանողներն էին, որոնք կը հսկէին ընտրական բոլոր կեդրոններուն:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ այս տարի ընտրութիւններուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով քուէահամարի նպատակով պիտի օգտագործուի ելեկտրոնային նոր թեքնիք մը:

Ան նշեց, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովութիւնը կարեւոր է եւ երաշխաւորուած` ապահովական կառոյցներուն կողմէ, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն օրուան ընթացքին:

Մաուլաուի կոչ ուղղեց դատաւորներուն եւ ընտրակեդրոններու պատասխանատուներուն ներկայ գտնուելու իրենց կեդրոններուն մէջ` երեսփոխանական ընտրութեան օրուան ընթացքին, եւ աւելցուց, որ անոնց նիւթական պատշաճ հատուցում մը պիտի ապահովուի:

Նախորդը

Նահատակաց Օրուան Առիթով Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Յաջորդը

Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Այցելած Են Եռաբլուր Եւ Յաղթանակի Զբօսայգի

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.