Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտերկրի Լիբանանցիները Մեծ Աշխուժութեամբ Մասնակցեցան Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Մայիս 9, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջը Լիբանանին համար եղաւ եռուն` արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան առումով:

Արտերկրի լիբանանցիները իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ փաստեցին իրենց կապուածութիւնը Լիբանանին` նկատի ունենալով քուէարկելու իրենց խանդավառութիւնն ու անոր հիմամբ արձանագրուած համեմատութիւնը:

6 եւ 8 մայիսին 5 ցամաքամասերու վրայ գտնուող օտար երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն կարելի եղաւ հետեւիլ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիէն:

Գումակային աշխատանքներն ու դասաւորումները որդեգրած նախարարութիւնը կրցաւ լաւապէս կազմակերպել երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ հեզասահ կերպով ապահովել անոնց ընթացքը:

Արտերկրի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուեցան հատ ու կենտ դէպքեր ու հարցեր, սակայն անոնք տեղւոյն վրայ լուծուեցան, առանց յաւելեալ բարդութիւններու:

Հիմնական հարցը ստեղծուեցաւ Տուպայի մէջ, ուր քուէարկողներու մեծ թիւ մը ժամեր շարունակ հերթի կեցաւ` քուէարկել կարենալու համար, ինչպէս նաեւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու, յատկապէս Փարիզի ու Լոնտոնի մէջ, ուր լիբանանեան քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ հարցեր արձանագրուեցան` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն ընտրական կեդրոններուն դիմաց ունէր իր ներկայացուցիչը, եւ գրգռութիւնները անոնց միջեւ կը պատահէին:

Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ լիբանանեան աւանդական կուսակցութիւններն ու անոնց ներկայացուցիչները մեծաթիւ ներկայութիւն էին ընտրակեդրոններուն դիմաց եւ բծախնդրութեամբ կը հսկէին քուէարկութեան հոլովոյթին:

Արտերկրի լիբանանցիներուն աշխուժութիւնը իր կարգին մղիչ ուժ պիտի ըլլայ երկրին մէջ ապրող քաղաքացիներուն ուղղուելու քուէարկութեան կեդրոններ եւ կատարելու քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը, որուն արդիւնքին հիման վրայ է, որ պիտի կերտուի երկրին ապագան:

Ուրբաթ, 6 մայիս 2022-ին, արտերկրի լիբանանցիները քուէարկեցին ընդհանրապէս արաբական երկիրներուն եւ այն երկիրներուն մէջ, ուր ուրբաթը արձակուրդի օր է:

Այս մասին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ 6 մայիսին 10 երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն մասնակցութեան ընդհանուր համեմատութիւնը հասած է 59,49 առ հարիւրի:

Պու Հապիպ դիտել տուաւ, որ կան երեք երկիրներ, ուր ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է 70 առ հարիւրի: Այդ երկիրներն են Իրանը, Պահրէյնը եւ Սուրիան:

«Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ համեմատութիւնը հասաւ 50 առ հարիւրի, իսկ այլ երկիրներու մէջ` 60 առ հարիւրի», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի, որ կը փափաքի ընտրութեան մասնակցիլ, պիտի կարենայ քուէարկել եւ ընտրական կեդրոնը անոր դիմաց պիտի չփակուի:

Իսկ երէկ` կիրակի, 8 մայիս 2022-ին, արտերկրի լիբանանցիները քուէարկեցին Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Շուէտի, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Նետերլանտներու, Դանիոյ, Աւստրիոյ, Լեհաստանի, Լիւքսամպուրկի, Հունգարիոյ, Զամպիոյ, Հարաւային Ափրիկէի, Ապու Տապիի, Տուպայի, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Մինչեւ ուշ գիշեր յստակ դարձած էր, որ Ապու Տապիի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցողներուն համեմատութիւնը հասած էր 77 առ հարիւրի, Տուպայի մէջ` 71,41 առ հարիւրի, Գերմանիոյ մէջ` 54 առ հարիւրի, Ֆրանսայի մէջ` 70 առ հարիւրի, ափրիկեան երկիրներուն մէջ` 48,95 առ հարիւրի, Աւստրիոյ մէջ` 54,3 առ հարիւրի, Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը հասաւ 75 առ հարիւրի, Կիպրոսի մէջ` 79 առ հարիւրի:

Յայտնենք, թէ Պու Հապիպ, որ անցեալ շաբաթավերջին նախատեսած էր, որ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը պիտի հասնի 70 առ հարիւրի, երէկ երեկոյեան հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան համեմատութիւնը բաւական բարձր էր, եւ այս անգամ անոնց քուէները կրնան ազդեցութիւն ունենալ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ:

Նշենք, որ տարբեր երկիրներէ քուէատուփերը «Տի. Էյչ. Էլ.» ընկերութեան ճամբով արդէն իսկ սկսած են փոխադրուիլ Լիբանան, իսկ կարգ մը երկիրներ, ուր այդ ծառայութիւնը չի գործեր, ինչպէս` Ռուսիա եւ Իրան, այդ երկիրներուն մէջ Լիբանանի դեսպաններուն հսկողութեամբ ու ընկերակցութեամբ այդ քուէատուփերը պիտի փոխադրուին Պէյրութ:

Նշենք, որ Թեհրանէն Լիբանան հասած քուէատուփերը հասան Պէյրութ, Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ապպաս Հասանի ընկերակցութեամբ:

Քուէատուփերը յանձնուեցան ներքին ապահովութեան ուժերուն, որոնք զանոնք փոխադրեցին Կեդրոնական դրամատուն:

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձաւ մեղուաբոյն, ուր աւելի քան 72 ժամ տեւած աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ լաւապէս հետեւիլ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան, վայրկենական դրութեամբ ճշդել համեմատութիւնները եւ լուծել արձանագրուած հարցերը` կապուելով այդ երկիրներուն մէջ գտնուող Լիբանանի դեսպաններուն եւ հիւպատոսներուն հետ գործակցելով:

Արտաքին գործոց նախարարը երէկ կէսօրէ առաջ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, որ ժամանումէն անմիջապէս ետք ուղղուեցաւ ընտրութիւններու հոլովոյթին հսկող լրագրողներուն յատուկ սրահը, ապա ընտրութիւններուն հսկող ներկայացուցիչներու սրահը:

Ան հետեւեցաւ ներկաներուն աշխատանքներուն` ընդգծելով մեկասենթըր ստեղծելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած խախտումներուն` շեշտելով, որ խախտումները ընդհանրապէս ընտրական կեդրոնին մէջ չեն պատահիր, այլ` նախքան ընտրական կեդրոն հասնիլը:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատանքը` հաստատելով, որ անոնց իրագործած աշխատանքը բաւական դժուար է:

Հանրապետութեան նախագահը մաղթեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հոլովոյթը աւելի դիւրաւ կարելի ըլլայ իրագործել:

Ան յոյս յայտնեց, որ ընտրութիւնները աւարտին առանց հարցերու եւ խնդիրներու:

Վարչապետ Միքաթի իր կարգին այցելեց արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր դրուատեց արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը` լուծելու համար որեւէ հարց, որ կ՛արձանագրուի ընտրական կեդրոններուն մէջ:

«Կը հանդիպինք յառաջիկայ կիրակի օր, ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը լաւ է:

Վարչապետը հաստատեց, որ ինք անձամբ կը հետեւի նաեւ տարբեր երկիրներէ քուէատուփերուն Լիբանան փոխադրութեան մանրամասնութիւններուն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց արտերկրի լիբանանցիներուն` ընդգծելով, որ լիբանանցին, օտար երկրին մէջ ապրելով հանդերձ կառչած կը մնայ իր երկրին` Լիբանանին, փոփոխութիւն կը պահանջէ եւ կը փափաքի Լիբանան վերադառնալ:

Նշենք, որ ուրբաթ, 6 մայիս 2022-ին եւս Միքաթի այցելեց արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հետեւեցաւ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ ընտրութիւններուն մասնակցութեան հոլովոյթին:

Ան շնորհաւորեց արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ անոր դիւանագիտական անձնակազմը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանի ուսանողները, որոնք կամաւորաբար հետեւեցան այդ աշխատանքին:

Վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ կիրակի, 15 մայիս 2022-ին հանգիստ կերպով կատարուին նաեւ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները, եւ կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն աւետել նոր կազմուելիք խորհրդարանը, որ կրնայ իրականացնել այն փոփոխութիւնը, որուն կը ձգտին լիբանանցիները:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի իր կարգին այցելեց արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր ան յայտնեց, թէ կատարուածը փառատօն մըն է, որովհետեւ կառավարութիւնը խոստացած էր ընտրութիւնները կատարել եւ ատիկա կրցաւ իրականացնել:

«Արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը փոփոխութիւն իրականացնելու իսկական ցուցանիշ մըն է», յայտնեց Մաուլաուի:

Ան մաղթեց նաեւ, որ ներքին լիբանանեան առումով ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը լաւ ըլլայ, եւ լիբանանցիները ընտրեն այն թեկնածուները, որոնք զիրենք հարազատօրէն կը ներկայացնեն:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա այցելեց արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր ան ստուգեց ընտրութիւններուն հետեւող քննիչներուն աշխատանքը:

Վրոնեցքա ուրախութիւն յայտնեց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն սկսելուն առիթով, եւ բարձր գնահատեց արտերկրի լիբանանցիներուն աշխուժութիւնը` ընտրութիւններուն մասնակցելու առումով:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջնորդելիք առանցքին` Վրոնեցքա յայտնեց, որ ընտրութիւնները պարզապէս սկիզբ մը կը նկատուին եւ անոնք առիթ կ՛ընծայեն լիբանանցիին` իր կարծիքը արտայայտելու եւ ազատ ընտրութիւնը կատարելու:

Արտաքին գործոց նախարարութեան այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանան ժամանած Եւրոպական Միութեան միջազգային դէտերու պատասխանատու Եարիք Տոմայնսքի, որ դրուատեց արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան հետեւելու եւ ընտրութեան հոլովոյթի ճշգրտութեան հսկելու կազմակերպուած աշխատանքը:

Ան հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան մասին միջազգային դէտերուն կարծիքը պիտի ներկայացուի 17 մայիս 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` դէտերուն կողմէ պատրաստուելիք սկզբնական տեղեկագիրին շրջագիծին մէջ:

Միւս կողմէ, Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ, թեկնածուներուն լուսանկարները կրող որմազդներ ու պաստառնել այլանդակելու եւ հրկիզելու արշաւ մը կ՛արձանագրուի Լիբանանեան ուժեր եւ Ղովմի կուսակցութիւններուն միջեւ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետեւորդներ Ղովմի թեկնածուներու պաստառներուն վրայ ձգեցին «Պաշիր կենդանի է մեր մէջ» գրութիւնը, իսկ Ղովմի կուսակցութեան հետեւորդներ կարգ մը շրջաններու մէջ հրկիզեցին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածու Ժորժ Ատուանի պաստառները, իսկ այլ տեղերու մէջ անոր լուսանկարը կրող պաստառներուն վրայ ձգեցին «Իւրաքանչիւր դաւաճան կ՛ունենայ սիրելի մը (հապիպ)» գրութիւնը` ակնարկելով Հապիպ Շարթունիի:

 

Նախորդը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Դատապարտեցին Սինայի Մէջ Գործուած Ահաբեկչութիւնը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Միսիսիփի Նահանգը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան

Մամլոյ Արձակուրդ

Մայիս 25, 2022
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ  Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

Մայիս 25, 2022
Հակառակ Յորդառատ Անձրեւին.  «Դիմադրութեան» Շարժումի  Բազմամարդ Հանրահաւաք Եւ Երթ
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Յորդառատ Անձրեւին. «Դիմադրութեան» Շարժումի Բազմամարդ Հանրահաւաք Եւ Երթ

Մայիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In