Ֆրենժիէ. «Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Ներկայացնող Երեսփոխանները Հակառակորդ Չենք Նկատեր»
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան եւ օժանդակեցին իրենց ընտրական այս հոլովոյթին, որ կայացաւ տարօրինակ ընտրական օրէնքի հիման վրայ: Ան կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու ընտրական օրէնքը, որովհետեւ կարգ մը թեկնածուներ մեծ թիւով քուէներ ստացած են, սակայն չեն կրցած խորհրդարան հասնիլ, մինչդեռ ուրիշներ քիչ քուէներով ընտրուած են երեսփոխան:...




















