Մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատա երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Թեհրան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպար Մեհրապեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ելեկտրականութեան տագնապին կապուած խնդիրներ, որոնց շարքին` այդ մարզին բարելաւման համար ծախսուած տասնեակ միլիառաւոր տոլարները, որոնք դժբախտաբար ոչ մէկ լուծում տրամադրեցին տագնապին լուծման, այլ` ուժանիւթի մարզը վերածեցին փտածութեան բոյնի մը:
Նախարարներ Մուրթատա եւ Մեհրապեան քննարկեցին այն ծրագիրները, որոնք կարելի է ամիսներու ընթացքին գործադրել, որպէսզի կարելի ըլլայ ելեկտրականութեան տագնապը վերջնականապէս լուծել:
Մուրթատա յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժեր, որոնց շարքին` շիի քաղաքական ուժերը պիտի չարտօնեն, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան տագնապին արմատական լուծումը ուշանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն դիմագրաւած կենցաղային տագնապներէն մէկը մեղմացնել:
Մեհրապեան իր կարգին հաստատեց, որ լիբանանցիները առանձին պիտի չըլլան այս տագնապին լուծման առումով` աւելցնելով, որ Լիբանան ազատ ժողովուրդներուն ճակատը բարձր պահած է, եւ իբրեւ այդպիսին Իրան պիտի զօրակցի ու օժանդակէ անոր: Ան ցաւ յայտնեց նաեւ, որ Իրանի կողմէ Լիբանանին նախապէս ներկայացուած զօրակցութիւնը նկատի չէ առնուած լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ: