Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 91 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 26.750 լ. ոսկիի: ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ մահուան նաւուն դէպքը երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող զրկանքին վտանգաւոր ցուցանիշներէն մէկն է` աւելցնելով, որ անիկա նաեւ արտագաղթի ցուցանիշ է, «բան...

Պու Հապիպի Վստահելիութեան Մասին Հարց  Յարուցելու Խորհրդարանի Նիստը Կը Ջնջուի

Պու Հապիպի Վստահելիութեան Մասին Հարց Յարուցելու Խորհրդարանի Նիստը Կը Ջնջուի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ուղղուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատ, ուր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին պիտի գումարուէր խորհրդարանի լիագումար նիստ մը` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի նկատմամբ վստահելիութեան մասին հարց յարուցելու նպատակով: Նիստին ներկայ գտնուեցան 53 երեսփոխաններ, հետեւաբար Պըրրի չեղեալ նկատեց նիստը` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ...

«Կը Հաւատամ Լիբանանի Յարութեան, Սակայն Կան  Տեղեկագիրներ, Որոնք Կ՛ակնարկեն Երկրին Կացութիւնը  Վատթարացնելու Նպատակով Գործող Կողմերու»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Կը Հաւատամ Լիբանանի Յարութեան, Սակայն Կան Տեղեկագիրներ, Որոնք Կ՛ակնարկեն Երկրին Կացութիւնը Վատթարացնելու Նպատակով Գործող Կողմերու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի երէկուան բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումի հիմնական առարկայ դարձան տնտեսական իրադարձութիւնները եւ ելեւմտական կացութիւնը բարելաւելու բանակցութիւնները: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք կը հաւատայ Լիբանանի յարութեան եւ կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ: Ան գործակցութեան կոչ ուղղեց բոլորին` հասնելու համար այն նպատակին, որ կը ծառայէ երկրին ու քաղաքացիներուն շահերուն: Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը գործէ այնպիսի քարտէսի...

Կառավարութիւնը Արտակարգ Նիստի Մը Ընթացքին  Քննարկեց Թրիփոլիի Նաւուն Թղթածրարը

Կառավարութիւնը Արտակարգ Նիստի Մը Ընթացքին Քննարկեց Թրիփոլիի Նաւուն Թղթածրարը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար Թրիփոլիէն ապօրինի կերպով ճամբորդներ փոխադրող ծովամոյն դարձած նաւուն վերաբերող հարցեր: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախքան նիստը սկսիլը ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Կառավարութեան նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով Թրիփոլիի զոհերուն յիշատակը: Նիստին հրաւիրուեցան նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Առիթով Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ոճիրի, ահաբեկչութեան եւ անհաւատութեան մատնահետքերը հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն մը թողեցին... Ցեղասպանութիւնը դարձաւ ոճրագործին եւ անոր թոռներուն ճակտին խարանուած ամօթի կնիք եւ երկրային արդարութեան մարմնին խրուած դասալքութեան դաշոյն: «Եւ որովհետեւ մեր իրաւունքներուն տէրն ենք, պիտի չկորսուի մեր իրաւունքը` այնքան ատեն որ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Առիթով Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Գրառումը

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Առիթով Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Գրառումը

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ոչ ոք կրնայ պատմութեան դէմքը փոխել կամ շրջել փորագրուած այն ճշմարտութիւնները, որոնք կը փաստեն ոճրագործին յանցանքը: Գործուած այս ոճիրը ճանչնան կամ ոչ` դահիճին թոռը կը մնայ ոճրագործ, նոյնիսկ երբ ան կը փորձէ իր սեւ մատնահետքերը թաքցնել: «Այսօր, Հայոց ցեղասպանութենէն 107 տարի ետք, նահատակներուն ձայնը տակաւին...

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Կեցուածքներ

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Կեցուածքներ

Ժըպրան Պասիլ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը, որ զետեղուած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին լուսանկարին վրայ. «107 տարի, եւ ճշմարտութիւնը չէ թաղուած ու պիտի չթաղուի»: Նիքոլա Սահնաուի Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի թուիթըրեան իր հաշիւով տեղադրեց տեսերիզ մը, որուն մէջ կ՛երեւի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին անմար կրակը եւ հետեւեալ գրութիւնը....

Պէյրութի Ամերիկեան Դեսպանատունը Եւս Կ՛արձագանգէ

Պէյրութի Ամերիկեան Դեսպանատունը Եւս Կ՛արձագանգէ

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դիմատետրեան էջին վրայ երէկ տեղ յատկացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի անդրադարձին: Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան կողմէ կայքին վրայ տեղադրուեցան Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի գրառումն ու լուսանկարները` եւ ձեռքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ անմոռուկը: Շիայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան նշումին արձագանգումը եղաւ հետեւեալ գրառումով. «107 տարի առաջ, 24 ապրիլ 1915-ին, օսմանեան իշխանութիւնները Պոլսոյ մէջ սկսան ձերբակալել հայ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչման Առիթով Մամլոյ Եւ Լրատուամիջոցներու Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչման Առիթով Մամլոյ Եւ Լրատուամիջոցներու Անդրադարձ

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին մասին լիբանանեան մամուլը ունեցաւ իր անդրադարձը: «Նիտա Ուաթան» օրաթերթը հրատարակած էր յօդուած մը, որ կը կրէր լրագրող Նաուալ Նասըրի ստորագրութիւնը: Նասըր անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին կողմէ Հայ դատին կառչած մնալուն իրականութեան, իրաւունքներուն եւ յիշողութեան տէր կանգնելու վճռականութեան, ինչպէս նաեւ անձնատուր չըլլալու իրականութեան: Ան հարցազրոյց մը կատարած էր Պալամանտ համալսարանի մարդկային գիտութեանց բաժանմունքի նախկին նախագահ, գրաքննադատ Ճորճ Տէօրլեանի հետ,...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի. «Հաշուետուութիւն` Ողբերգութիւնը Պատճառողին»

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի. «Հաշուետուութիւն` Ողբերգութիւնը Պատճառողին»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Թրիփոլիի պատահարին մասին ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մեր սիրելի Լիբանանը հարուածած ողբերգական իւրաքանչիւր դէպքէ ետք, կը վկայենք դատապարտումի ալիքներ, պատասխանատուութիւնները իրարու վրայ նետելու քայլեր եւ տուեալ որբերգութիւնը քաղաքական շահարկումի ենթարկելու փորձեր... Հետեւաբար Թրիփոլիի մահուան նաւուն ընկղմելուն ողբերգութեան դիմաց կը բաւարարուինք նահատակներու հոգիներուն համար աղօթելով, ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն եւ հաշուետուութիւն`...

Թրիփոլիի Մէջ Նոր Ողբերգութիւն. Ծովամոյն Դարձած Նաւը Կը Պատճառէ  Զոհեր Եւ Անյայտ Կորսուածներ

Թրիփոլիի Մէջ Նոր Ողբերգութիւն. Ծովամոյն Դարձած Նաւը Կը Պատճառէ Զոհեր Եւ Անյայտ Կորսուածներ

Երկրին մէջ տիրող տնտեսական վատ պայմանները, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ տիրող պայմանները դժբախտաբար կը քաջալերեն քաղաքացիները ապօրինի կերպով լքելու երկիրը` իրենց ճակատագիրը փնտռելու համար այլ ափերու վրայ: Թրիփոլիի Ֆանար-Ռամքին կղզիի հանդիպակաց շրջանին մէջ շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ի ուշ գիշերին արձանագրուեցաւ ողբերգական դէպք մը, երբ նաւ մը ծովամոյն դարձաւ` պատճառելով զոհեր եւ անյայտ կորսուածներ: Այս դէպքին պատճառով զոհուեցան աւելի քան 15 ճամբորդներ,...

Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Հրթիռարձակում` Առաւօտեան Կանուխ Ժամերուն

Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Հրթիռարձակում` Առաւօտեան Կանուխ Ժամերուն

Կիրակիէն երկուշաբթի առաւօտ լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Քլայլէի, Նաքուրայի եւ Թայր Հարֆայի շրջանները, մինչ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը նշեալ շրջաններուն մէջ ահազանգեր հնչեցուցին: Քլայլէի, Նաքուրայի եւ Թայր Հարֆայի մէջ հրդեհներ բռնկեցան` իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով, սակայն մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան: Իսրայէլեան ուժերը թուիթըրեան իրենց գրառումով հաստատեցին, որ իրենք կը հակադարձեն Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումին: Իսրայէլեան ուժերը հաստատեցին, որ տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծած...

«Բարոյական Պարտաւորութիւն Ունիմ Սրբագրելու  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանին Դէմ  Կատարած Սխալ Յայտարարութիւնս»  Շեշտեց Ղասսան Սէուտ

«Բարոյական Պարտաւորութիւն Ունիմ Սրբագրելու Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանին Դէմ Կատարած Սխալ Յայտարարութիւնս» Շեշտեց Ղասսան Սէուտ

Լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Ղասսան Սէուտ երէկ դարձաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Քըլ եաում պեաումու» յայտագիրի հիւրը: «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հալա Հատտատի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Սէուտ անդրադարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին, որուն ընթացքին արծարծած էր Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի հարցը: «Օ. Թի. Վի.» կայանի հաղորդավար Տալիա Տաղերի հետ իմ հարցազրոյցիս ընթացքին, յայտարարեցի, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը...

Նախագահ Աուն Կը Դատապարտէ  Մրուժի Անարգ Ոճիրը

Նախագահ Աուն Կը Դատապարտէ Մրուժի Անարգ Ոճիրը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ դատապարտեց երկուշաբթի երեկոյեան Մրուժի շրջանին մէջ գտնուող «Մրուժ» դեղարանի դեղագործուհի Լէյլա Ռըզքի սպանութիւնը: Ան զօրակցութիւն յայտնեց դեղագործներուն, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլումի հետ եւ անոր յայտնեց, թէ Լէյլա Ռըզքի դէմ գործուած անարգ ոճիրը խստիւ դատապարտելի է: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ապահովական կառոյցները այս իմաստով յստակ ցուցմունքներ ստացած են`...

Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց  Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի  Եւ Քուէյթի Դեսպանները

Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի Եւ Քուէյթի Դեսպանները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահին փոխանցած է Քուէյթի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան սէրն ու բարեմաղթութիւնները` Լիբանանին ու լիբանանցիներուն նկատմամբ: Քանայի նշեց նաեւ, որ Պըրրի իր կարգին բարեմաղթութիւններ...

«Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցողներուն  Իրաւունքէն Հրաժարելու Յայտարարութեան  Նպատակն Է Իրարանցում Ստեղծել»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

«Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցողներուն Իրաւունքէն Հրաժարելու Յայտարարութեան Նպատակն Է Իրարանցում Ստեղծել» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային իրադարձութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է տնտեսական տագնապին լուծումը եւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Միքաթի շեշտեց, որ տնտեսական ապաքինման ծրագիրը կը միտի ժողովուրդին եւ արդիւնաբերական մարզին իրաւունքները պաշտպանել,...

Ֆանարի Մէջ Բռնկած Հրդեհ Մը  Կը Պատճառէ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Ֆանարի Մէջ Բռնկած Հրդեհ Մը Կը Պատճառէ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Ֆանարի Զաայթրիէ շրջանին մէջ գործող «Թեքնօ ինթըրնեշընըլ» աւազաններու արտադրութեան գործարանին մէջ երէկ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ պատճառեց երկու զոհեր եւ երկու վիրաւորներ: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կոչ ուղղեցին շրջանի բնակիչներուն հեռու մնալու գործարանէն, որ կրնայ ամբողջութեամբ փուլ գալ: Ֆանարի թաղապետ Զէյտան Աուն յայտնեց, որ հրդեհը կարելի եղած է հակակշիռի տակ առնել` աւելցնելով, որ հրդեհին պատճառած զոհերն են Փիեռ Հաննա եւ Ժոզեֆ...

Ժոմպլաթ. «Սուրիական-Իրանեան Առանցքը  Կը Հակադրուի Ազգային Անկախ Որեւէ Որոշումի»

Ժոմպլաթ. «Սուրիական-Իրանեան Առանցքը Կը Հակադրուի Ազգային Անկախ Որեւէ Որոշումի»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ ըլլան կամ ոչ, Լեռնալիբանանի մէջ հսկայական աշխատանք ի գործ դրուեցաւ` շրջանցելու համար «Քորոնա»-ի համաճարակին պարտադրած դժուար փուլը: Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի տագնապը երկարատեւ կը թուի ըլլալ, սակայն անիկա ուղղակիօրէն կապուած է կառավարութեան կատարելիք աշխատանքին, յատկապէս` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ անոր ստորագրելիք արձանագրութիւններուն պարագային: Այս շրջագիծին մէջ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 126 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 25.050 լ. ոսկիի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսարը, որուն հետ քննարկեց 12 եւ 13 յունիսին Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը...

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Շնորհաւորութիւնը

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Շնորհաւորութիւնը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հետեւեալ շնորհաւորական գրառումը կատարեց Ս. Զատկուան տօնին առիթով. «Յարութեան լոյսը թող ըլլայ մեր կեանքի ճամբուն ընկերակիցը: Թող որ յաղթենք տագնապներուն, այնպէս ինչպէս Յիսուս Քրիստոս յաղթեց մահուան: Թող որ մեր սիրելի Լիբանանին յարութիւնը աւետենք, այնպէս ինչպէս Յիսուս Քրիստոս աւետեց մեր փրկութեան մասին: Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է յարութիւնն...

Page 344 of 988 1 … 343 344 345 … 988

Արխիւներ