Լիբանանեան

Պու Հապիպ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ  Թիւ 23 Սահմանագիծին` Ամբողջութեամբ  Պահանջելով Կանայի Նաւթահորը»

Պու Հապիպ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Թիւ 23 Սահմանագիծին` Ամբողջութեամբ Պահանջելով Կանայի Նաւթահորը»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն նպաստող ամերիկացի բանագնաց էյմըս Հոքշթայն Լիբանանի մէջ իշխանութեան երեք պետերէն իմացած է նոյն կեցուածքը` միացեալ կեցուածք, որ կը հաստատէ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ թիւ 23 սահմանագիծին, ինչպէս նաեւ ամբողջութեամբ կը պահանջէ Կանայի նաւթահորը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ թիւ 29 սահմանագիծին շուրջ...

Նայիմ Քասեմ. «Իսրայէլ Չի Յանդգնիր  Լիբանանի Դէմ Բռնարարքներ Գործել` Հըզպալլայի  Կազմ Ու Պատրաստ Պատճառով »

Նայիմ Քասեմ. «Իսրայէլ Չի Յանդգնիր Լիբանանի Դէմ Բռնարարքներ Գործել` Հըզպալլայի Կազմ Ու Պատրաստ Պատճառով »

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ, Հըզպալլայի հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով շեշտեց, որ Հըզպալլա թշնամի Իսրայէլը այնքան անակնկալի բերած է` ցամաքի վրայ եւ ծովուն մէջ, որ ան չի յանդգնիր Լիբանանի դէմ բռնարարքներ գործել: Քասեմ ընդգծեց, որ օրին նահատակ Քասեմ Սիւլէյմանի հսկայական օժանդակութիւններ տրամադրած է Դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ անձամբ ներկայ գտնուած Դիմադրութեան զինուորական գործողութիւններու գրասենեակին մէջ` իսրայէլեան բռնարարքներուն ընթացքին: Հըզպալլա Իսրայէլը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 197 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.600 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 8000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ ...

Վարչապետի Նշանակման  Խորհրդակցութիւններուն  Սեմին Տագնապները Կը Սաստկանան

Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւններուն Սեմին Տագնապները Կը Սաստկանան

Թէեւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն թուականը կը մօտենայ, սակայն տագնապները կը սաստկանան եւ կը շարունակեն խեղդել քաղաքացիները: Ջուրի տագնապ, ելեկտրական հոսանքի չգոյութիւն, հացի տագնապ, վառելանիւթի շինծու տագնապ եւ տագնապներու երկար շարք մը, որոնք ուշ գիշերին ամբողջացան Պէյրութի վերեւ իսրայէլեան օդանաւերու թռիչքներով: Սակայն երկրին մէջ ամէն բան կը թուի բնականոն ըլլալ` նկատի ունենալով, որ օրական դրութեամբ տասնեակ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կը...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Յանձնառու  Կը Մնայ Պահանջուած  Բարեկարգումները Կատարելու»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Պահանջուած Բարեկարգումները Կատարելու»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի նոր նշանակուած ներկայացուցիչ Ֆրետերիքօ Լիման, որուն յաջողութիւն մաղթեց իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով: Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ գործակցութիւնը` լուծելու համար երկրին տնտեսական սուր տագնապը: Նախագահ Աուն Լիմային հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ պահանջուած բարեկարգումները կատարելու: Իր կարգին, Լիմա...

Միւֆթի Տըրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխաններուն  Ամրապնդելու Իրենց Միասնականութիւնը

Միւֆթի Տըրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխաններուն Ամրապնդելու Իրենց Միասնականութիւնը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց յայտնեց, թէ նախագահական պալատին մէջ կատարուելիք վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները անոնց վստահուած պարտականութիւն մըն է, որ երաշխիքը պիտի ըլլայ կազմուելիք նոր կառավարութեան: «Այնպիսի կառավարութեան մը, որ իմաստութեամբ, գիտակցութեամբ եւ պայծառատեսութեամբ պիտի ջանայ լուծել Լիբանանի դիմագրաւած դժուար կացութիւնն ու տագնապները», ըսաւ ան: Միւֆթի Տըրիան ընդգծեց,...

Ֆատի Հասան. «Կը Նախատեսենք, Որ Օրական  Դրութեամբ 11 Հազար Հոգի Հասնի Լիբանան»

Ֆատի Հասան. «Կը Նախատեսենք, Որ Օրական Դրութեամբ 11 Հազար Հոգի Հասնի Լիբանան»

Պէյրութի միջազգային օդակայանի նախագահ Ֆատի Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը որոշած է Միջազգային դրամական ֆոնտին միջոցով 10 միլիոն տոլար յատկացնել օդակայանին, որպէսզի անոր ընդմէջէն կարելի ըլլայ կարգ մը հիմնական ծրագիրներ գործադրել, ինչպէս` Գերմանիոյ հետ պայմանագիրը, որ կը վերաբերի ճամբորդական պայուսակները ստուգելու արդիական մեքենաներու, ինչպէս նաեւ օդանաւորդութեան վերաբերող սարքերու: Հասան ընդգծեց, որ այդ սարքաւորումներուն տեղադրումը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել ամրան աւարտին:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 360 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ: Նոյն նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ կապիկի ծաղիկով վարակուած առաջին պարագան արձանագրուած է` աւելցնելով նաեւ, որ այդ պարագան դուրսէն եկած է Լիբանան եւ անոր առողջական վիճակը կայուն է: Նման պարագաներու կասկածի պարագային առողջապահութեան նախարարութիւնը 1787 թէժ գիծը զետեղեց...

Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ  Պենզինի Տագնապին Չգոյութիւնը

Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ Պենզինի Տագնապին Չգոյութիւնը

Շաբաթավերջին պենզինի կայարանները դարձեալ որոշեցին փակել իրենց դռները եւ լիբանանցին ենթարկել յաւելեալ խայտառակութեան: Այս պատճառով պենզինի սպասող քաղաքացիները իրենց ինքնաշարժներով վերստին հերթ բռնեցին` կաթիլ մը պենզին ստանալու նպատակով: Ըստ պատասխանատուներուն, Լիբանան վառելանիւթ բերող նաւը ուշացած է զայն յանձնել վառելանիւթ ներածող ընկերութիւններուն, պատճառ մը, որուն մասին յայտարարեց վառելանիւթ ցրուողներու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա: Ան նշեց, որ շաբաթասկիզբին կարելի պիտի ըլլայ վառելանիւթի...

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Պըրրիի այցելեց նաեւ Սենեկալի մէջ լիբանանեան գաղութի իմամ շէյխ Ապտել Մենեմ Զէյն, ինչպէս նաեւ քաղաքական վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել:

Պայրամ. «Այսուհետեւ Արգիլուած Է Սեփական  Մարզին Մէջ 2 Միլիոն 600 Հազար Լ. Ոսկիէն  Նուազ Ամսական Աշխատավարձ Վճարել»

Պայրամ. «Այսուհետեւ Արգիլուած Է Սեփական Մարզին Մէջ 2 Միլիոն 600 Հազար Լ. Ոսկիէն Նուազ Ամսական Աշխատավարձ Վճարել»

Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը իր իրերայաջորդ նիստերը կը գումարէ եւ լուծումներով հանդէս կու գայ: «Գործնական առումով, այսուհետեւ արգիլուած է սեփական մարզին մէջ 2 միլիոն 600 հազար լ. ոսկիէն նուազ ամսական աշխատավարձ վճարել աշխատաւորներուն», հաստատեց Պայրամ: Պայրամ ընդգծեց, որ իրենք քայլ առ քայլ կը յառաջանան, եւ նիստերը բաց յայտարարած են,...

Մաուլաուի. «15 Հազար Պաշտօնեայ  Կը Պատրաստենք` Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Կազմակերպելու Համար»

Մաուլաուի. «Լիբանանեան Պետութեան Համար Միլիոնաւոր Տոլարներ Խնայեցի»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք գոհունակ կը զգայ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու համար` աւելցնելով, որ ատիկա անհրաժեշտ նուաճում մըն էր` Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ապրուստի ծանր տագնապներուն շրջագիծին մէջ: Ան խօսեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին իր անաչառութեան մասին` աւելցնելով, որ ինք իր պարտականութիւնը կատարած է եւ լիբանանեան պետութեան...

Նասսար Կոչ Կ՛ուղղէ Ծոցի Երկիրներու  Զբօսաշրջիկներուն Այցելելու Լիբանան

Նասսար Կոչ Կ՛ուղղէ Ծոցի Երկիրներու Զբօսաշրջիկներուն Այցելելու Լիբանան

Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար շաբաթավերջին քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներուն այցելելու Լիբանան` իրենց «Երկրորդ հայրենիք»-ը: Նասսար շեշտեց, որ Ծոցի երկիրներուն եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը հիմնական կէտ մըն էր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ: Նասսար հաստատեց, որ հակառակ ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի տագնապին, երկրին մէջ զբօսաշրջութիւնը բնականոն թափով կ՛ընթանայ: Ան աւելցուց, որ նման...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 447 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.400 լ. ոսկի է: ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական «հարստութեան» մասին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած յայտագիրին տեղեկութիւնները: Նշենք, որ «Էմ. Թի....

Խմբագրական.  Պահու Կարեւորութիւնը

Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Լիբանանի Նոր Վարչապետը Նշանակելու Խորհրդակցութիւններ Պիտի Կատարուին

Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի ջանքերուն եւ լիբանանեան կողմին մօտ իրարու հակասող, սակայն «միացեալ» կոչուող կեցուածքի հանելուկին առընթեր, հինգշաբթի, 23 յունիս 2022-ին, նախագահական պալատին մէջ տեղի պիտի ունենան վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ, քաղաքական բազմաթիւ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի դարձեալ պիտի նշանակուի վարչապետ` ստանալով խորհրդարանի մեծամասնութեան զօրակցութիւնը, իսկ ընդդիմութիւնը կը փորձէ համաձայնիլ այլ թեկնածուի մը շուրջ:...

Նախագահ Աուն Սլիմի Հետ Քննարկեց  Բանակայիններուն Կարիքները Եւ Արպիտէն Իմացաւ  Նուազագոյն Աշխատավարձը Բարձրացնելու Որոշումը

Նախագահ Աուն Սլիմի Հետ Քննարկեց Բանակայիններուն Կարիքները Եւ Արպիտէն Իմացաւ Նուազագոյն Աշխատավարձը Բարձրացնելու Որոշումը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ որդեգրուած միջոցառումները` պաշտպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը: Նախագահ Աուն Սլիմի հետ քննարկեց նաեւ  բանակայիններուն կարիքները եւ անոնց առօրեան դիւրացնելու միջոցները` տնտեսական տագնապալի ներկայ պայմաններուն ընթացքին: Նախագահ Աուն պաշտպանութեան նախարարին հետ քննարկեց նաեւ Լիբանանի ծովային սահմանագծումին հարցը եւ անդրադարձաւ սահմանագծումի անուղղակի...

Յորդանանի Մէջ Քննարկումներ`  Բնակարաններու Եւ Բնակչութեան  Ընդհանուր Հաշուարկումի Հարցերու

«Պաշտօնական Վիճակագրութեան Կարեւորութիւնը Ամրագրելու Ի Խնդիր 22 Տարուան Հաստատութենական Ժրաջան Աշխատանքս Հասած Է Իր Աւարտին» Շեշտեց Դոկտ. Մարալ Կիտանեան

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան երէկ հրապարակեց հրաժեշտի խօսք մը` վիճակագրութեան ասպարէզին մէջ իր ծառայութեան աւարտին առիթով: Դոկտ. Կիտանեան հրաժեշտի իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ պաշտօնական վիճակագրութեան կարեւորութիւնը ամրագրելու ի խնդիր` 22 տարուան հաստատութենական իր ժրաջան աշխատանքը հասած է իր աւարտին: Ան շեշտեց վիճակագրութեան պաշտօնական արդիւնքներուն հիման վրայ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ բարգաւաճման կարեւոր որոշումներ տալու կարեւորութիւնը:...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան  Այցելեց Ճափոնի Դեսպանին

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ճափոնի Դեսպանին

Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Թաքեշի Օքուպոյի: Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ճափոնի դեսպանին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին նկատմամբ դեսպանատան ցուցաբերած հոգածութեան, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներով զանազան կառոյցներու կատարուած օժանդակութեանց կապակցութեամբ: Հանդիպումին ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան ազգային վարժարաններու կարգ մը ծրագիրներ, որոնց իրագործման համար դեսպան Օքուպօ պատրաստակամութիւն յայտնեց կատարել անհրաժեշտը եւ աշխատիլ կրթական ու...

Միջազգային Դատական Ատեանը Ցմահ Բանտարկութեան  Վճիռ Արձակեց Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեամբ  Մեղադրուած Յանցագործներուն Դէմ

Միջազգային Դատական Ատեանը Ցմահ Բանտարկութեան Վճիռ Արձակեց Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեամբ Մեղադրուած Յանցագործներուն Դէմ

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն 17 տարի ետք Միջազգային դատական ատեանը ցմահ բանտարկութեան վճիռ արձակեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ մեղադրուած յանցագործներուն դէմ: Նշենք, որ նախապէս ատեանը Սելիմ Այյաշը  ամբաստանած էր Հարիրիի սպանութեան յանցանքով, իսկ ցմահ բանտարկութեան վճիռը կը նկատուի ամէնէն ծանր պատիժներէն մէկը: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ արձակուած այս ծանրագոյն վճիռը կու գայ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 441 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.300 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 4000 լ. ոսկիով,  պիւթակազը` 6.000 լ. ոսկիով, իսկ...

Page 335 of 988 1 … 334 335 336 … 988

Արխիւներ