Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 197 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.600 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 8000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ  պիւթակազը` 10.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը համազօր է 679.000 լ. ոսկիի, 98 օքթան պենզինը` 689.000 լ. ոսկիի, մազութը` 738.000 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազը` 350.000 լ. ոսկիի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ: Հանդիպումէն ետք Պուխարի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Նեփալի բանակի հրամանատար Փրապու Ռամ Շարման: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Նեփալի խաղաղապահ ուժերուն մասնակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ վարչապետ մը, որ քաջ գիտէ տիրող ներկայ փուլին դժուարութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ Լիբանանի վարչապետի նշանակումին առումով արտաքին միջամտութիւնները բացայայտ կերպով կը կատարուին` աւելցնելով սակայն, որ այդ միջամտութիւնները անկարող են երկրին մէջ նոր տարազներ ու հաւասարակշռութիւններ ստեղծել:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ իրենք համաձայն են վարչապետի մը անուան շուրջ, սակայն այդ մասին պիտի չյայտարարեն, որովհետեւ այդ որոշումը տակաւին վերջնական չէ, եւ ոչ մէկուն դէմ վեթօ կայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի ընդգծեց, որ վարչապետի պաշտօնին համար ինք Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ` աւելցնելով նաեւ, որ կարելի չէ մասնագէտ վարչապետ մը նշանակել, որովհետեւ անիկա կրնայ վարչապետութեան ներկայացուցած հզօր դիրքը տկարացնել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի հաստատեց, որ ինք Նեժիպ Միքաթիի եւ Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ` վարչապետի պաշտօնին համար: Ռիֆի յայտնեց, որ ինք պիտի յայտարարէ երեսփոխանական պլոք մը, որուն մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Ֆուատ Մախզումի, Միշել Մուաուատ եւ Ատիպ Ապտել Մեսիհ:

ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ բարեկարգչական երեսփոխանները ունեցած են շարք մը հանդիպումներ եւ որոշած չզօրակցիլ Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութեան, այլ` Նաուաֆ Սալամի, որուն շուրջ համախոհութիւն գոյացուցած են:

 

Նախորդը

Լուսաբանական Եւ Յիշեցման Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Նայիմ Քասեմ. «Իսրայէլ Չի Յանդգնիր Լիբանանի Դէմ Բռնարարքներ Գործել` Հըզպալլայի Կազմ Ու Պատրաստ Պատճառով »

RelatedPosts

Իրաքի Հիմնադրութեան 100-Ամեակին Առիթով.  Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Իրաքցի  Պատասխանատուներուն Կողմէ Լիբանանին  Նաւթ Տրամադրելու Նախաձեռնութիւնը
Լիբանանեան

Կենցաղային Ապրուստի Եւ Ընկերային Բողոքի Ցոյցերու Վերսկսման Զուգահեռ. Պատկան Պատասխանատուներ Կը Փորձեն Հարցերը «Լուծել» Խօսքով Եւ Գործով

Յուլիս 7, 2022
Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Յուլիս 6, 2022
Միքաթի Կ՛այցելէ Պըրրիի, Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Կայունութիւնը Պահպանելու, Իսկ Լափիտ Կը Սպառնայ Զսպել Հըզպալլան
Լիբանանեան

Միքաթի Կ՛այցելէ Պըրրիի, Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Կայունութիւնը Պահպանելու, Իսկ Լափիտ Կը Սպառնայ Զսպել Հըզպալլան

Յուլիս 6, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In