Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նայիմ Քասեմ. «Իսրայէլ Չի Յանդգնիր Լիբանանի Դէմ Բռնարարքներ Գործել` Հըզպալլայի Կազմ Ու Պատրաստ Պատճառով »

June 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ, Հըզպալլայի հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով շեշտեց, որ Հըզպալլա թշնամի Իսրայէլը այնքան անակնկալի բերած է` ցամաքի վրայ եւ ծովուն մէջ, որ ան չի յանդգնիր Լիբանանի դէմ բռնարարքներ գործել:

Քասեմ ընդգծեց, որ օրին նահատակ Քասեմ Սիւլէյմանի հսկայական օժանդակութիւններ տրամադրած է Դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ անձամբ ներկայ գտնուած Դիմադրութեան զինուորական գործողութիւններու գրասենեակին մէջ` իսրայէլեան բռնարարքներուն ընթացքին:

Հըզպալլա Իսրայէլը անակնկալի բերած է նաեւ ճշգրիտ ծրագրաւորումով, երբ Դիմադրութեան մարտիկներ յայտնուած են իսրայէլեան զինուորական գործողութեան դաշտին մէջ: Այս մարտավարութեան հեղինակը եղած է Դիմադրութեան նահատակ Իմատ Մուղնիէ:

«Այս բոլորին պատճառով 2006-2022 Իսրայէլ Լիբանանի դէմ յարձակում չէ սանձազերծած, որովհետեւ գիտէ, որ Հըզպալլա արթուն կը հսկէ եւ կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ է հակադարձելու որեւէ յարձակումի, նոյնիսկ եթէ զինուորական գործողութիւնները հասնին պատերազմի մակարդակին: Առանց Դիմադրութեան եւ Հըզպալլայի զգաստ ու պատրաստ վիճակին, Իսրայէլ յարձակած կ՛ըլլար Լիբանանի վրայ` զայն քաղաքական շանթաժի ենթարկելու, գետնի վրայ շահեր ապահովելու, ինչպէս նաեւ սիոնականութեան ծառայող ներքին քաղաքական առաջարկներ ներկայացնելու նպատակով», շեշտեց Նայիմ Քասեմ:

Ան հաստատեց, որ 1992-էն ի վեր Հըզպալլա սկսաւ նաեւ իր խորհրդարանական գործունէութեան եւ ունեցաւ իր ազդեցութիւնը օրէնսդրական գործունէութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ծառայեց այն շրջաններուն, որոնց ներկայացուցիչներն են իր երեսփոխանները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Թիւ 23 Սահմանագիծին` Ամբողջութեամբ Պահանջելով Կանայի Նաւթահորը»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.