Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Թաքեշի Օքուպոյի:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ճափոնի դեսպանին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին նկատմամբ դեսպանատան ցուցաբերած հոգածութեան, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներով զանազան կառոյցներու կատարուած օժանդակութեանց կապակցութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան ազգային վարժարաններու կարգ մը ծրագիրներ, որոնց իրագործման համար դեսպան Օքուպօ պատրաստակամութիւն յայտնեց կատարել անհրաժեշտը եւ աշխատիլ կրթական ու ընկերային զարգացման ծրագիրներու վրայ:


