Պէյրութի միջազգային օդակայանի նախագահ Ֆատի Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը որոշած է Միջազգային դրամական ֆոնտին միջոցով 10 միլիոն տոլար յատկացնել օդակայանին, որպէսզի անոր ընդմէջէն կարելի ըլլայ կարգ մը հիմնական ծրագիրներ գործադրել, ինչպէս` Գերմանիոյ հետ պայմանագիրը, որ կը վերաբերի ճամբորդական պայուսակները ստուգելու արդիական մեքենաներու, ինչպէս նաեւ օդանաւորդութեան վերաբերող սարքերու:
Հասան ընդգծեց, որ այդ սարքաւորումներուն տեղադրումը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել ամրան աւարտին:
Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ կը նախատեսուի, որ օրական դրութեամբ 11 -12 հազար հոգի հասնի Լիբանան` աւելցնելով, որ օդակայանը պաշտօնեայի կարիք ունի: «900 պաշտօնեայէն միայն 240 պաշտօնեաներ մնացած են մեզի` անբաւարար ամսական աշխատավարձերուն պատճառով», ընդգծեց Ֆատի Հասան: