Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 18, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 441 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.300 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 4000 լ. ոսկիով,  պիւթակազը` 6.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը սղած է 16.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը համազօր է 687.000 լ. ոսկիի, 98 օքթան պենզինը` 697.000 լ. ոսկիի, մազութը` 751.000 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազը` 360.000 լ. ոսկիի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ երէկ հանդիպում մը ունենալէ ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յայտնեց, որ պետական նպաստ ունեցող ցորենին քանակը բաւարար է մէկուկէս ամսուան համար` աւելցնելով, որ սեփական մարզին կողմէ պետական գումարներու իւրացումը արդէն իսկ յստակ դարձած է:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու Լիբանանի քաղաքական զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ միասնաբար ի շահ Լիբանանի գործակցելու կարեւորութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքը անհրաժեշտ նկատեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութեան կազմութիւնը` մերժելով ուժային նախարարութիւններու յղացքը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Լիբանանի իսկական կառավարիչը Հըզպալլան է` աւելցնելով, որ ժողովուրդին տոկալու կամքը շատ աւելի բարձր է, քան` Հըզպալլայի հանգամանքը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ լիբանանցիները մեծ զգուշաւորութեամբ կը սպասեն այն արդիւնքներուն, որոնց կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ` ծովային սահմանագծումին վերաբերող ամերիկացի բանագնացին միջամտութիւններով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իհապ Մաթար երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մաթար ընդգծեց, որ Լիբանան պէտք է մնայ արաբական իր շրջապատին մէջ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը ներկայացուց օրինագիծ մը` պաշտպանելու համար Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ իր զօրամասերէն մէկը կրակոցի ենթարկուած է Ֆանարի մէջ, երբ թմրեցուցիչի դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ բնակարան մը կը խուզարկէր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի համաձայնագիրը իր աւարտին հասցնելու կարեւորութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ յայտնեց, որ Ֆրանսա, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքը պատրաստ են օժանդակելու լիբանանեան պետութեան, պայմանով որ ան անյապաղ գործադրէ բարեկարգումները:

 

Նախորդը

Բագրատունի Ընդունեց Քորէայի Դեսպանը

Յաջորդը

Միջազգային Դատական Ատեանը Ցմահ Բանտարկութեան Վճիռ Արձակեց Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեամբ Մեղադրուած Յանցագործներուն Դէմ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.