Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւններուն Սեմին Տագնապները Կը Սաստկանան

Յունիս 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թէեւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն թուականը կը մօտենայ, սակայն տագնապները կը սաստկանան եւ կը շարունակեն խեղդել քաղաքացիները:

Ջուրի տագնապ, ելեկտրական հոսանքի չգոյութիւն, հացի տագնապ, վառելանիւթի շինծու տագնապ եւ տագնապներու երկար շարք մը, որոնք ուշ գիշերին ամբողջացան Պէյրութի վերեւ իսրայէլեան օդանաւերու թռիչքներով:

Սակայն երկրին մէջ ամէն բան կը թուի բնականոն ըլլալ` նկատի ունենալով, որ օրական դրութեամբ տասնեակ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կը հասնին Պէյրութ եւ կը վայելեն Լիբանանը:

Քաղաքական իմաստով երեսփոխանական պլոքները կը խորհրդակցին իրարու միջեւ` ճշդելու համար վարչապետի իրենց թեկնածուն: Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողքին, երէկ դարձեալ սկսաւ հնչել Նաուաֆ Սալամի անունը` իբրեւ վարչապետի թեկնածու:

Այս շրջագիծին մէջ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ հերքեց ընկերային ցանցերուն վրայ շրջանառութեան մէջ դրուող այն կեցուածքները, որոնք Միքաթիին կը վերաբերին:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Միքաթի յստակ կերպով ըսած է, թէ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններէն ետք է, որ իր խօսքն ու կեցուածքը պիտի արտայայտէ:

«Հետեւաբար այս իմաստով Միքաթիի վերագրուող որեւէ արտայայտութիւն անճիշդ է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Անթիկուա եւ Պարպուտայի վարչապետ Կասթոն Ալֆոնսօ Պրաունը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, որ Միքաթիի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միքաթիի այցելեց նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրին, որ ներկայացուց Իտալիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Խուրի յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վերաբերեալ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի արձակած վճիռին մանրամասնութիւնները:

Խուրի նկատել տուաւ, որ արդարութեան նախարարութիւնը տակաւին պաշտօնապէս չէ ստացած այդ վճիռը` աւելցնելով, որ վճիռը ստանձնելէ ետք պէտք եղած քայլերուն պիտի դիմեն` Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը պահելու առումով:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան Միքաթի վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց ընկերային հարցերու նախարարութեան կողմէ ներկայացուած «2022-2023 տարուան տագնապին ընդառաջելու Լիբանանի ծրագիր»-ին մեկնարկը կատարելու պաշտօնական ձեռնարկը:

Այս առիթով վարչապետի պաշտօնակատարը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին գործակցելու Լիբանանի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովել, այլապէս` Լիբանան դժգոհ կեցուածք պիտի որդեգրէ արեւմտեան երկիրներէն:

Միքաթի հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանէն պէտք է դուրս բերել օրինական քայլերով եւ միջոցներով:

Միքաթի հաստատեց, որ պէտք է հիւրընկալ երկիրներու շրջանակներուն տեղական վարչութիւններուն եւ ենթակառոյցի բարեկարգումին օժանդակել` նկատի ունենալով, որ անոնք սպառած են սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառով:

Ան շեշտեց, որ անցնող 11 տարիներուն ընթացքին Լիբանան ծանր բեռ ստանձնեց սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալելու եւ պաղեստինցի գաղթականներուն հոգատարութիւն ցուցաբերելու պատճառով` ընդգծելով, որ այժմ Լիբանան ինք կարիք ունի օժանդակութեան, եւ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին ու Լիբանանի օժանդակ երկիրներուն զօրակցելու Լիբանանին եւ սատարելու սուրիացի տեղահանուածներուն:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու պատասխանատու Նաժաթ Ռուշտին, որ հաստատեց, որ լիբանանցիներուն եւ տեղահանուածներուն մօտ աղքատութեան համեմատութիւնը հսկայ ոստում մը արձանագրած է` աւելցնելով, որ մեծ թիւով ընտանիքներ իրենց զաւակները կը ստիպուին աշխատանքի առաջնորդել` դպրոցի փոխարէն, տան ապրուստը կարենալ ապահովելու համար:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Պահանջուած Բարեկարգումները Կատարելու»

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Վճռականօրէն Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Հեռանկարին» Կ՛ըսէ Քլաար

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?