Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Թիւ 23 Սահմանագիծին` Ամբողջութեամբ Պահանջելով Կանայի Նաւթահորը»

June 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն նպաստող ամերիկացի բանագնաց էյմըս Հոքշթայն Լիբանանի մէջ իշխանութեան երեք պետերէն իմացած է նոյն կեցուածքը` միացեալ կեցուածք, որ կը հաստատէ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ թիւ 23 սահմանագիծին, ինչպէս նաեւ ամբողջութեամբ կը պահանջէ Կանայի նաւթահորը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ թիւ 29 սահմանագիծին շուրջ բանակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ չէ՞ Լիբանանի համար, Պու Հապիպ յայտնեց, որ 2011-էն ի վեր ՄԱԿ-ին ներկայացուած տարբերակը թիւ 23 սահմանագիծի շրջագիծին մէջ ընթացող բանակցութիւններն են, եւ այդ կեցուածքին շուրջ համաձայն գտնուած են լիբանանեան պետութեան բոլոր պատասխանատուները: Պու Հապիպ հաստատեց նաեւ, որ օտար երկիրներու դեսպաններն ու դիւանագիտական անձնակազմերը զիրենք կը մղեն թիւ 23-ի շրջագիծին մէջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

«Թիւ 29 սահմանագիծը բանակցային է եւ փաստօրէն բանակցութիւններու կասեցման պատճառ դարձաւ, երբ այդ մասին Նաքուրայի մէջ առաջարկ ներկայացուեցաւ», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ յաւելաբանութիւններէ հեռու մնալով, պէտք է ընդունիլ, որ Լիբանան շահաւոր դուրս պիտի գայ սահմանագծումի համաձայնութենէն: Ան նշեց, որ այդ համաձայնութիւնը կարեւոր է` դուրս գալու համար տնտեսական սուր տագնապէն, «իսկ ներկայ փուլն ու պահը միջազգային առումով նպաստաւոր կը նկատուին` բնական կազի հորատումին համար, նկատի ունենալով ռուս-ուքրանական պատերազմը», հաստատեց ան:

Պու Հապիպ զգուշացուց, որ ժամանակը ի նպաստ Լիբանանին չէ` աւելցնելով, որ պէտք է օգտագործել մինչեւ նախագահական ընտրութիւններ գտնուող չորս ամիսները` կայացնելու համար համաձայնութիւնը: «Թիւ 23 սահմանագիծը մերժող հանրապետութեան նախագահի մը ընտրուելուն պարագային, բանակցութիւնները զերօ կէտին կը վերադառնան: Իսկ եթէ աւարտի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական պաշտօնավարութեան շրջանը եւ կարելի չըլլայ նոր նախագահ մը ընտրել, ապա նախագահական աթոռը թափուր կը մնայ, եւ առանց նախագահի ներկայութեան, նախարարները դժուար թէ համաձայնին միացեալ որոշումի մը շուրջ», շեշտեց ան:

 

 

Նախորդը

Նայիմ Քասեմ. «Իսրայէլ Չի Յանդգնիր Լիբանանի Դէմ Բռնարարքներ Գործել` Հըզպալլայի Կազմ Ու Պատրաստ Պատճառով »

Յաջորդը

Կրիօ. «Ֆրանսա Յանձնառու Կը Մնայ Հետեւելու Լիբանանի Մէջ Գործադրուելիք Բարեկարգումներուն»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.